ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԱՐՏԱԿ ԱԲԵՂԱՅ ՏԻՒՇԷՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որ պոլսահայ մըն է։ Ան տարեկան արձակուրդին առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ եւ այս առթիւ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց երիտասարդ միաբանին այցելութիւնը եւ իրեն մաղթեց բարի արձակուրդ ու կեցութիւն քաղաքիս մէջ։ Իր տնօրինութեամբ՝ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ շրջանին պատարագելու Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։

Հրաժեշտի փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երիտասարդ միաբանին նուիրեց նաեւ գիրք մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024