Չորեքշաբթի 22, Յունուար 2025
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարակուած է ինֆլուանզայով։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գտնուի դարմանման տակ։ Նորին Ամենապատուութեան մօտ ախտաճանաչուած է պաղառութիւն եւ ինֆլուանզա, անմիջապէս բժշկական խնամքի տակ առնուած է, սակայն, բարեբախտաբար, առողջական վիճակը մտահոգիչ չէ։
Պատրիարքարանի դիւանի հաղորդումներով, մինչեւ յունուարի 17-ը, երբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի մեկնի Սուրբ Երուսաղէմ, իր ծրագրին վրայ ստիպողաբար ջնջուած են բոլոր տեսակցութիւնները, հանդիպումները եւ այցելութիւնները։
Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023