ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 11 մարտին ընդունուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի կողմէ։ Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս, պետական քարտուղարի պաշտօնական գրասենեակի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս սիրալիր տեսակցութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնն ու կարտինալը զրուցեցին՝ հոգեւոր եղբայրներու յարիր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի գրասենեակին կողմէ երէկ այս տեսակցութեան շուրջ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Այսպէս, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան զրոյցի ընթացքին կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական սիրալիր ողջոյնները։ Նոյն անկեղծութեամբ փոխադարձելով՝ կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին տեղեկութիւններ քաղեց յետպատերազմական իրավիճակի պայմաններով Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը եւ կարտինալը համակարծիք գտնուեցան, թէ նման պարագաներով անխուսափելիօրէն կը ծագին մարդասիրական խնդիրներ, որոնց լուծումը պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման տեսակէտէ անհրաժեշտ կը համարուի։ Այս ամբողջին մէջ անոնք շօշափեցին հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ ի պահ դրուած միւս անձերու անյապաղ հայրենադարձման խնդիրները։ Կարտինալը բաժնեց իր նկատառման յանձնուած մօտեցումները։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հետամուտ է Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, սրբավայրերու եւ յուշարձաններու պահպանման հարցին։ Ան այս առումով կարեւորեց եկեղեցիներու, միջեկեղեցական կառոյցներու, միջկրօնական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ բերուելիք նպաստը։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ սա ապագայ ցանկալի համակեցութեան մը տեսակէտէ անհրաժեշտ նախապայման է։

Զրոյցի տեւողութեան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին անդրադարձան Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցչութեան եւ Սուրբ Աթոռի զանազան բաժանմունքներուն միջեւ ծաւալուած համագործակցութեան, որու հիման վրայ վերջին շրջանին արդէն դրական նախընթացներու համար հիմքեր կը ձեւաւորուին։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրեց, որ իր գրասենեակը անմիջական կապի մէջ է Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քուրտ Քոխի, նաեւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ երկխօսութեան ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի կողմէ գլխաւորուած գրասենեակներուն հետ։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրեց, որ այդ երկու կարտինալներուն հետ սկզբունքային փոխըմբռնման մէջ կը գտնուին համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Այդ հիման վրայ գրասենեակներու կողմէ ծաւալուած աշխատանքը գետին կը պատրաստէ՝ հետզհետէ շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու համար։ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլին ողջունեց այս բոլոր զարգացումները ու մաղթեց, որ համագործակցութիւնը հետզհետէ խորանայ՝ նպաստելով երկու քոյր եկեղեցիներու վաղեմի եղբայրութեան ամրապնդման եւ համաքրիստոնէական զօրակցութեան խրախուսման։

Զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ ամիս Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի տնօրինութեամբ եւ Վատիկանի համապատասխան մարմիններու որոշումով՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ ընդգրկուելուն։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մեծապէս կարեւորեց որդեգրուած թուականին Վատիկանի մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի առաջին յիշատակութեան կատարուած ըլլալը՝ անոր արձանին շուրջ կազմակերպուած միջեկեղեցական հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնով, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով հանդերձ։ Նորին սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մտադրութիւն ունի ապագային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ նման յիշատակութեան մը սկիզբը դնելու։ Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին մեծապէս կարեւորեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի պանծացումը՝ ընդգծելով իր թողած հոգեւոր-մշակութային աւանդի համաքրիստոնէական եւ համամարդկային նշանակութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին պատրաստակամութիւն յայտնեցին պարբերաբար խորհրդակցութիւններ ունենալու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021