ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քա­կան մկրտու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Գում­գա­բուի մէջ այս առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ ե­ռու­զեռ։ Մկրտեալ­ներն էին Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներ, ո­րոնց թի­ւը կը հաս­նէր տաս­ի։ Այս վեր­ջին­նե­րուն վրայ ա­ւել­ցած էր նաեւ տեր­սիմ­ցի ըն­տա­նի­քի մը դուստ­րը։

Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ կատա­րուե­ցան մկրտու­թիւն­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւնն ալ Սրբա­լոյս միւ­ռո­նով դրոշ­մեց նոր մկրտեալ­նե­րը, ո­րոնց կնքա­հայրն էր Սար­վէն Կսսրկ. Պը­չաք­ճը։ Հարկ է նշել, որ այս վեր­ջի­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­րարն է։

Խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին մկրտեալ­նե­րուն ըն­տա­նիք­նե­րը, մա­նա­ւանդ ծնող­նե­րը ապ­րե­ցան հո­գե­ւոր մեծ հրճուանք։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ քա­րո­զեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու խօս­քը ու­նէր խրա­տա­կա­նի մը բնոյ­թը։ Ան մկրտեալ­նե­րուն յոր­դո­րեց ըլ­լալ լաւ հա­յեր, լաւ քրիս­տո­նեա­ներ եւ ըլ­լալ այն­պի­սի ան­հատ­ներ, ո­րոնք ծա­ռա­յու­թիւն կը բե­րեն ի­րենց ե­կե­ղե­ցիին ու ժո­ղո­վուր­դին։ Քա­րո­զին զու­գա­հեռ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան փոք­րիկ խա­չեր նուի­րեց նոր մկրտեալ­նե­րուն։

Գում­գա­բուի մէջ մկրտեալ­նե­րուն ծնող­ներն ալ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին ի­րենց որ­դիա­կան ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րուն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ա­նոնց ալ տուաւ իր օրհ­նու­թիւ­նը։

Խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան ա­ւար­տին, Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս մկրտեալ­նե­րու ըն­տա­նի­քի­նե­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին եւ յատ­կան­շա­կան այս օ­րուան առ­թիւ փո­խա­նա­կե­ցին բա­րե­մաղ­թանք­ներ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015