ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Ս. Զատկի տօնին յաջորդած երէկուան Նոր Կիրակիին օրը նշուեցաւ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի աւանդական խանդավառ արարողութիւններով կը նշուի Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Այս տարի եւս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ։ Մեր հաւատացեալները տօնական տրամադրութիւնով մասնակցութիւն բերին արարողութիւններուն, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ Շանթ Էօզպիւլպիւլի երգեհոնի նուագակցութեամբ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Կրօնական արարողութիւններուն աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը։ Արարողութիւններուն ընթացքին ստեղծուած որգեւոր մթնոլորտը այս առթիւ տեղափոխուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, նաեւ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին նկատմամբ, որ միշտ իր անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ մեր այս եկեղեցին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024