ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս։ Անթիլիասի մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ տուաւ իր պատգամը։

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՚ըսեմ, մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիսոտս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը այս բառերով ողջոյններ յղեց եւ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն երէկ յընթացս Սուրբ եւ անմահ Պատարագի։

Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացնելով առ յարուցեալ Քրիստոս՝ աղաչեց, որ յարութեան հզօր հաւատքով զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ աշխարհի տագնապալից պայմաններուն մէջ, որպէսզի Անոր հրաշափառ յարութեամբ զօրացած եւ վերանորոգ հաւատքով շարունակեն ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը՝ «այն քաջ գիտակցութեամբ, որ Քրիստոս Իր յաղթական յարութեամբ եւ Իր կենդանի ներկայութեամբ մեր ժողովուրդը պահեց ու պահպանեց պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջ»։

Խօսելով յարութենէն ետք Գալիլիոյ մէջ Փրկիչին աշակերտներուն երեւնալուն եւ զանոնք առաքելութեան լծելուն մասին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Քրիստոսի պատգամը «Ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» եւ ընդգծեց, որ հայոց պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ, թէ մեր ժողովուրդը յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով ու լոյսով հզօրացաւ իր դըժ-ւարին օրերուն։ «Ամէն անգամ, երբ մահը մօտեցաւ մեր ժողովուրդին, մեր ժողովուրդը փարեցաւ կեանք-Քրիստոսին։ Ահա թէ ինչո՛ւ հրաշքի համազօր է մեր ժողովուրդի պատմութիւնը», ըսաւ ան ու շարունակեց, որ ժողովուրդը նաեւ լսեց Պօղոս առաքեալին վկայութիւնը, որ կ՚ըսէ «եթէ Քրիսոտոս մեր կողմն է, ո՛վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» եւ շեշտեց՝ «Պատմութեան ընթացքին ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ տագնապ մեր ժողովուրդը ընկճեց, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր տառապալի կեանքին մէջ միշտ լսեց Քրիստոսի խօսքը՝ ձեզի հետ եմ, մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն դարձեալ կը լսենք ձայնը յարուցեալ Քրիստոսի. «Քրիստոս մեզի հետ է, սիրելի ժողովո՛ւրդ հայոց։ Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս մենք Քրիստոսի հետ պիտի ըլլանք, որպէսզի վերանորոգենք մեր հաւատքը, գօտեպնդենք մեր յոյսը եւ ներկայ տագնապին դիմաց ըսենք, որ աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ տագնապ, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզ ընկճել, քանի որ մենք Քրիստոսի հետ ենք՝ այն քաջ հաւատքով, որ Քրիստոս մեզի հետ է»։ Ան յորդորեց չյուսահատիլ, այլ՝ վերանորոգել հաւատքը ու ամրացնել յոյսը՝ հաւատարմօրէն քալելով Քրիստոսի ետեւէն։

Պատարագի աւարտին, Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց համայն հայութիւնը եւ շնորհաւորեց մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը։

Նշենք, որ Ս. Պատարագը հեռարձակուեցաւ Կաթողոկոսարանի ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցներու ճամբով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020