ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուչութեան արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին։ Շաբաթավերջին, Կիրակամտից ժամերգութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Իսկ Նորին Սրբութեան յատուկ արտօնութեամբ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը ծայրագնութեան աստիճանները պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերէն ներս։

Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը։ Ան իր քարոզին առանցքը դարձուց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը՝ արտասանուած Լերան քարոզի պահուն. «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը Ոչ. անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37)։ Ան յիշեցուց, որ Յակոբոս առաքեալ ընդհանրական իր նամակին մէջ նոյն խօսքն է, որ կ՚արտասանէ. սակայն աւելի վերլուծական ու խորունկ զայն կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալ՝ կորնթացիներու գրած իր երկրորդ նամակին սկզբնաւորութեան եւ կը յայտարարէ, որ Աստուծոյ «այո»ն մարդկութեան եւ աշխարհին համար նոյնինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսն է եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուններէն մէկն է «այո»ն։ Ան հնազանդեցաւ Իր Հօր կամքին, խօսեցաւ Հօրը խօսքը, տարածեց մարդկութեան փրկութեան աւետիսը եւ Իր կեանքի գնով զայն պատշտպանեց։

Խօսելէ ետք վերոյիշեալ Քրիստոսի խօսքին մասին, սրբազանը իր խօսքը ուղղեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն եւ ըսաւ, որ ձեռնադրութեան Մաշտոցը այնքան ամբողջական կերպով կը նկարագրէ եւ կը հրաւիրէ ձեզ, որ ոչ միայն հնազանդութեան, այլ ուխտաւորաբար շարունակելու ձեր այն առաքելութիւնը, որ Տէրը կտակեց Իր աշակերտներուն, Իր հետեւորդներուն եւ տուաւ զօրութիւնը, որպէսզի կարողանաք համարձակօրէն արտայայտուիլ եւ ուսուցանել։

Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն՝ սրբազանը ըսաւ, որ այս օրերուն յատկապէս, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տագնապներէ կ՚անցնի, մեր ժողովուրդը ու մեր եկեղեցին կարիքը ունին ո՛չ թէ խօսքին ճարտարութիւնը ունեցող անձերու, այլ համոզումը, հաւատքը, յանձնառութիւնը ու մանաւանդ խօսքը գործի վերածելու գիտակցութիւնը։ Կը հաւատամ, որ այս նուիրական Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը այսպէ՛ս եղած է դարերու ընթացքին եւ այսպէ՛ս կը շարունակուի այսօր՝ առաջնորդութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռի գահակալ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Իր քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցէ նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն։ Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ թելադրանքները փոխանցեց նոր աստիճանակիր հայր սուրբերուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021