ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աբրահամօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Արապեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ատենապետ տքթ. Արա Էրոլ Չընարի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024