ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ինսպուրկի (Աւստրիա) թեմի առաջնորդ Հերման Եպսկ. Կլեթթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին «Քարիթաս Աւստրիա» եւ «Հայկական Քարիթաս» կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Զրոյցի ընթացքին հիւր եպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան նպատակն է առաւել զօրացնել «Քարիթաս Աւստրիա» եւ «Հայկական Քարիթաս» կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը արտայայտելու հայ ժողովուրդին ի նպաստ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի առկայ անվտանգային սպառնալիքներուն եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն։ Ան սոյն կազմակերպութեան նկատմամբ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վրայ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024