ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳՄԲԷԹԻ ԽԱՉԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՏԵՂԱԴՐՈՒԻ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՕԾՈՒԵԼԷՆ ՎԵՐՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը երկար ժամանակէ ի վեր ենթարկուած է ամրակայման եւ հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքներու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի աղբիւրները հաղորդեցին, որ աւարտին մօտեցած է Միածնաէջ Մայր Տաճարի ամրակայման աշխատանքներու հերթական փուլը։ Այսպէս, ամբողջութեամբ հիմնանորոգուած է տաճարի գմբէթը։

Ուրեմն, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին զուգահեռ, վաղը պիտի վերատեղադրուի Միածնաէջ Մայր Տաճարի գմբէթի խաչը։ Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու ձեռամբ պիտի օծուի Մայր Տաճարի գմբէթի նորակերտ խաչը ու պիտի վերատեղադրուի։

Նոյն աղբիւրները հաղորդեցին, որ խաչի օծման եւ տեղադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ժամով 19.00-ին եւ հնարաւոր է ուղիղ եթերով հետեւիլ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020