ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ ողջունելի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացաւ վարդապետական գաւազան։ Ծանօթ է, որ ան քանի մը ամիսէ ի վեր բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս վարդապետական թեզ մը պաշտպանեց։ Վերջին օրերուն ան իր աւարտաճառը յաջողութեամբ պաշտպանած էր եւ արժանի դասուած՝ մասնաւոր վարդապետութեան աստիճանի։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, շաբաթ առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդ միաբանի վարդապետական գաւազանը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Խարտաւիլակն էր Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Հանդիսադիր Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առթիւ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին Պոլսոյ մէջ մատուցուած հոգեւոր ծառայութիւնն ու ծաւալուած առաքելութիւնը որակեց անհրաժեշտ եւ կենսական։

Արարողութեան աւարտին Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկայ հոգեւոր հայրերուն կողմէ, որոնք եղբայրաբար շնորհաւորեցին զինքը։ Հուսկ, ան իր խոնարհումը բերաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին վրայ, որ կը գտնուի Օշականի եկեղեցւոյ գետնայարկին եւ այս առթիւ կատարեց ուխտի աղօթքը։

Մինչ այդ, շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետն ալ հիւրընկալեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն շնորհեց լանջախաչ մը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ երիտասարդ միաբանին համար հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Այս փուլին երախտագիտութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ Վեհափառ Հայրապետին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ իր ուսման շրջանը առիթ դարձած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական կեանքին մաս կազմելու։ Ուստի, կեցութեան շրջանը օրհնեալ պահերու առիթ ընձեռած էր երիտասարդ միաբանին համար։

Վեհափառ Հայրապետը Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին հրաժեշտ տուաւ՝ զինքը օրհնելով «Պահպանիչ» աղօթքով։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022