ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն պատուիրակութիւն մը։ Հիւրերը գլխաւորեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կաճառի խորհուրդի նախագահ Չարլզ Ղալեան։

Հանդիպման ընթացքին Չարլզ Ղալեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան մասին՝ ուղղուած Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիք եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարաններուն հետ կապերու ընդլայնման։ Այցելութեան նպատակներէն մին է նաեւ բարձր փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս երկրի յառաջատար համալսարաններուն հետ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու բացայայտումը։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց համալսարաններու միջեւ համագործակցութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան ուղղութեամբ նման նախաձեռութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Ըստ իրեն, գիտութեան զանազան ճիւղերու նուաճումներուն հաղորդ ըլլալը եւ բարձր փորձագիտութիւններու զարգացման համաքայլ ընթանալը կրնայ երաշխաւորել բազմաթիւ ոլորտներէ ներս երկրի յառաջընթացը։

Նորին Սրբութիւնը այսպիսի համագործակցութիւններու մշակումը Հայաստանի նկատմամբ բարեկամ երկիրներու զօրակցութեան եւս մէկ վկայութիւնը նկատեց։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի առկայ դժուարին իրավիճակին մէջ նման նախաձեռնութիւնները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Աստուծոյ օրհնութեամբ հիւր պատուիրակութեան ջանքերը եւ համալսարաններու միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ունենայ բարի արդիւնաւորում։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023