ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԵԾԱՐ ԿՈՅՍԸ

«Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։ (Ղուկաս, 1.46)

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին առաջնահերթութիւն կը ստանայ նշել Իր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, Աստուածային տնօրինութեան նկատմամբ հաւատաւոր կեցուածքը։ Եւ այդ բոլորը կը յայտնաբերուի Սուրբ Աւետարանի այն հատուածէն, որ յիրաւի օրհնութեան երգ մըն է բղխած՝ ի խորոց կուսական սրտէ եւ արտաբերուած՝ շրթունքներէ։ Օրհնութեան երգ մը, որ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ իր արժանաւոր տեղը գտած է անխտիր տարւոյն բոլոր օրերուն ի շարս կատարելի հանապազօրեայ առաւօտեան ժամերգութեանց. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։ (Ղուկաս, 1.46)։ Նաեւ Հայ Եկեղեցին հարստացած է Աստուծոյ Սուրբ Հոգւոյն ազդմամբ եւ այս օրհներգութեան յարասութեամբ գրի առնուած «Մեծացուսցէ» շարականներով։

Թէ ի՞նչ էր այն պարագան, որ դուռ բացած էր այս օրհներգութեան։ Սուրբ Կոյսի կեանքէն ներս կարեւոր տեղ ունէր Սուրբ Գիրքը։ Սաղմոսաց Գիրքէն կը յիշենք «Տէր եթէ շրթներս բանաս բերանս քու օրհնութիւնդ պիտի երգէ» (Սաղմոս, 50/51.15) համարը։ Գիշերային ժամերգութեան սկիզբը Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս յետոյ, Հայ Եկեղեցւոյ ժամարար քահանաները կ՚արտասանեն Սաղմոսաց Գրքի այս համարը, որ է Աստուածապաշտութեան պահուն ներկայացուած խնդրանք մը, որով ի յայտ կու գայ փափաք մը, որպէսզի անոնք օժտուին կարողութեամբ եւ զօրութեամբ, կատարելու իրենց ծառայութիւնը։ Իսկ տրուած «Օրհնեալ է Աստուած» պատասխանի երկու բառերուն ընդմէջէն կ՚արտացոլայ Աստուծոյ մեծութեան եւ Աստուածային ներկայութեան օրհնաբեր հանգամանքին նկատմամբ աներեր հաւատքի զգացումը։ Սուրբ Կոյս Մարիամ այս ոգիով սնած էր եւ այդ ոգիով կրցած էր խոնարհիլ Աստուծոյ օրհնեալ կամքին առջեւ եւ որպէս շնորհընկալ Կոյս, ազդմամբ Սուրբ Հոգւոյն դարձած էր բնակարան Աստուծոյ Խօսքին, արտասանած մեծ «Եղիցի»ով, որ պատասխանն էր հրեշտակաւանդ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» խօսքին։

Շնորհընկալ Սուրբ Կոյսը, որ իր սուրբ արգանդին մէջ կը կրէր Մարմնացեալ Աստուծոյ Խօսքը այցելեց իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին, որ կը պատրաստուէր Յովհաննէս Մկրտիչը ծննդաբերելու։ Եղիսաբէթ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով լեցուած Սուրբ Կոյսը ողջունեց «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է պտուղը քու որովայնիդ» բառերով եւ Սուրբ Կոյսը կոչեց «Տիրոջը Մայրը՝ Տիրամայր» (Ղուկաս,1.42-43)։ Ի պատասխան Եղիսաբէթի այս պատիւ ընծայող ողջունաբեր արտայայտութեան Սուրբ Կոյսը առանց այլեւայլի Աստուծոյ փառքը երգեց. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»։

Հետեւելով Ստեփան Մալխասեանցի, հաղորդ կը դառնանք «Աստուածամեծար» ածականի երկդիմի իմաստներուն։ Ըստ տրուած բացատրութեան, «Աստուածամեծար» է այն, որ Աստուծմէ մեծարուած է, նաեւ «Աստուածամեծար» է այն՝ որ զԱստուած կը մեծարէ։ Որքան օրինակելի է Սուրբ Կոյսի կեցուածքը ի դէմ Եղիսաբեթի դրուատալից բառերուն, իր բերանը կը բանայ Աստուծոյ մեծութիւնը, փառքը երգելու, որ «իր նայուածքը դարձուցած էր իր աղախինին խոնարհութեանը վրայ»։ Հին Կտակարանի մէջ ունինք «Աստուածամեծար» ածականին արժանի անուն մը եւս, յանձին Սամուէլի մօր Աննայի, որ կը տառապէր, նեղութիւն կը կրէր, քանի որ զաւակ չէր ունենար եւ ամուլ կոչուած էր։ Սակայն Աստուած լսելով ի խորոց սրտի արտասանած աղօթքները զայն մեծարած էր ու Աննա եղած էր մայրը Սամուէլի։ «Աստուածամեծար» Աննան իր ուխտին համաձայն Սամուէլը յանձնեց Տիրոջ ծառայութեան, գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ երգելով. «Հաստատեցաւ սիրտ իմ ի Տէր, եւ բարձրացաւ եղջիւր իմ յԱստուած իմ» (Ա. Թագաւորաց, 2.1-10) որուն յարասութեամբ, Ստեփաննոս Սիւնեցի գրի առած է աւագ օրհնութեանց բաղկացուցիչ պատկերներէն մին հանդիսացող շարականներ։

Սուրբ Կոյս Մարիամ լաւ գիտէր Աննայի գոհաբանական երգին բառերը ու ըմբռնած՝ մանաւանդ անոր իմաստը։ Հաղորդ էր, Աննայի կեանքին մէջ իրականացած հրաշքի պարագաներուն։ Ուստի Աստուծմէ ընտրուած խոնարհութեան մարմնացում Սուրբ Կոյսը շարունակեց պահել իր ընդգրկած խոնարհ կեցուածքը եւ մանաւանդ պահեց՝ երբ արժանացաւ Եղիսաբէթի մեծարանքի արտայայտութեան, որուն կիզակէտն էր «Տիրամայր» բառը։ Նազարէթի երիտասարդ Սուրբ Կոյսին համար կարեւորը իր լսածն էր, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկար», նաեւ իր խօսքը, թէ ինքը «Տիրոջ աղախինն էր» եւ պատրաստ՝ ընդառաջելու Աստուածային տնօրինութեան։ Սուրբ Կոյսը իր խոնարհութեամբ, պարկեշտութեամբ եղաւ Աստուծոյ մեծարեալը ու այդ կեցուածքով մեծարեց շնորհներու պարգեւիչը զԱստուած։

Երբ կը տօնենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխումը ու կը վերյիշենք Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած իր օրինակելի կեցուածքը, ակամայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ երեւոյթներ, որոնք կը յայտնուին մեր շուրջը, նոյնիսկ մեր անմիջական շրջանակէն ներս։ Բառարաններ, ապերախտ կ՚որակեն զանոնք, որոնք չեն ճանչնար ու կը մոռնան երախտիքը, մանաւանդ՝ իրենց երախտաւորները։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ մեր առաջին երախտաւորն է Աստուած, որուն երախտիքը անփոխարինելի է։ Քանի Ան է Տէրը մեր կեանքի օրերուն եւ պարգեւիչը՝ բազմազան շնորհներուն։ Երանի անոնց, որոնք Աստուծոյ նկատմամբ ցուցաբերելի երախտագիտութիւնը կ՚ընկալեն որպէս կեանքի նշանաբան։

Դաւիթ մարգարէն կարեւոր հարցումով մը օրինակ կը հանդիսանայ բոլոր անոնց համար, որոնք պատրաստ են գոհութիւն մատուցանելու առ Աստուած. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տիրոջ՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութիւններու փոխարէն» (Սաղմոսք, 115.2)։ Երանի, թէ այս հարցումը կարենայինք կեանքի նշանաբանի մը վերածել։ Քանի որ այս հարցումը հարցնողներ կը նշանակէ, թէ անոնք գիտակ են եւ համոզուած այն ճշմարտութեան, ըստ որում անոնք կը վայելեն Աստուծոյ պարգեւած շնորհները։

Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք, թէ Աստուած ինչպիսի պատարագ մը, ընծայ մը կը փնտռէ. «Աստուծոյ ընդունելի պատարագը կոտրած հոգին է, Աստուած սուրբ սիրտը եւ կոտրած հոգին չ՚արհամարհեր» (Սաղմոսք, 50/51.17)։ Նաեւ «Աստուած կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ է, որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնէ եւ կոտրած սրտերը ապրեցնէ» (Եսայի, 57.15)։

Աստուծոյ Խօսքը ապրող թելադրանք մըն է բոլորիս։ Բոլորս ունինք ուրախալի կեանքի հանգրուաններ։ Յաջողութիւններ կը ձեռքբերենք։ Ընտանիք կը կազմենք։ Մեր ընտանեկան յարկերը ուրախութեամբ կը լեցուին աշխարհ եկած հոգեհատորներով։ Կը տօնենք մեր կեանքի կարեւոր հանգրուանները, որոնց գլխաւորներն են մեր ընտանեկան յարկերուն տակ տօնելի ծննդեան եւ ամուսնութեան տարեդարձները։ Հետեւելով Աստուծոյ Խօսքին թելադրանքին տեղին կ՚ըլլայ կեանքի եւ շնորհաց Պարգեւիչին, շնորհաց Տուիչին գոհութիւն մատուցանել։ Որքան գեղեցիկ կ՚ըլլայ տարեդարձներու կարկանդակներու բեկման պահուն երգուած երջանկութեան մաղթերգը, պսակուի նաեւ առաջին առթիւ Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ առ Աստուած մատուցուած շնորհակալութեամբ։ Վստահ ենք, որ այս բարոյական նուէրը գերիվեր է ստացուած աշխարհիկ նուէրներէն, քանի կ՚ուսուցանէ նաեւ երախտագիտութիւն ցուցաբերել առ Աստուած։ Նաեւ մեր զաւակները իրենց մանկական եւ պատանեկան տարիքներուն առիթ մը կ՚ունենան իրենց ծնողներուն հետ այցելելու Տիրոջ տունը, միասնաբար աղօթելու։

Սուրբ Կոյսը իր վարքով օրինակ է բոլորիս։ Ան հակառակ իրեն ընծայուած պատիւին, մնաց խոնարհութեամբ զԱստուած պատուելու գծին վրայ եւ գիտցաւ մեծարել իրեն պատիւ շնորհողը։ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին մենք բոլորս աղօթենք Շարակնոցի բառերով. «Քեզի ապաւինած ենք, մեր Աստուծոյն՝ Քրիստոսի Մայրը։ Դուն երկինքէն աւելի բարձր ես Մարիամ, մեր Աստուծոյն՝ Քրիստոսի մայրը, պարծանք եկեղեցւոյ։ Դուն արեգակէն աւելի պայծառ ես Մարիամ. մի դադրիր մեզի համար բարեխօսելէ, մեր Աստուծոյն՝ Քրիստոսի մայրը»։

Վստահ ըլլալով, թէ Աստուածամայրը ունի փորձառութիւնը խոնարհութեամբ առ Աստուած դիմելու, կ՚աղօթենք, որ Սուրբ Կոյսը լսէ իր օրինակին ուղղութեամբը իր բարեխօսութեանը դիմողներուն լսէ եւ շարունակէ իր անդադրում բարեխօսութիւնը առ ոտս Իր Միածին Որդւոյն։

Տէրը ընդունի մեր աղօթքները։ Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

10 օգոստոս 2022, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2022