ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, հիւր պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէին Զահլէի Անտիոքի մետրապոլիտ Անտոնիոս էլ Սուրի եւ «Կարտենիա Լեպնիզ Ֆարմս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նիքոլաս Ապու Ֆայսալ։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ մասնաւորապէս բարձր գնահատելով Նիքոլաս Ապու Ֆայսալի կողմէ Հայաստանէ ներս կեանքի կոչուած ծրագրերը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այդ բոլորը կը նպաստեն երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան եւ կապերու զօրացման։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Մետրապոլիտ Անտոնիոս էլ Սուրիի ներկայութիւնը եւ կարեւորեց այդ բոլոր նախաձեռնութիւններուն ի նպաստ իր կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ձեւաւորուած ջերմ ու սերտ յարաբերութիւններուն՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մշտապէս կ՚աղօթէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ բարեկամ ժողովուրդի խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքին համար։ Իրենց հերթին, հիւրերն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու փոխ-յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման ուղղեալ ձեռնարկներուն նկատմամբ ցուցաբերած մշտական աջակցութեան համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2019