ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն արձագանգեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ծագած դէպքերուն։ Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Սիրելի ժողովուրդ հայոց,

Վերստին խռովուած են մեր հոգիները։ Ցաւով եւ անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ գիշերը սանձազերծուած սադրիչ մարտական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով գնդակոծուած են խաղաղ բնակավայրեր, կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Դատապարտելի են խաղաղութեան օրակարգով բանակցային գործընթացի ժամանակահատուածին մէջ ձեռնարկուած այս դաւադիր քայլերը։ Ակնյայտ է՝ թշնամին չէ փոխուած, չեն փոխուած նաեւ իր նկրտումներն ու մտադրութիւնները։ 2020 թուականի պատերազմը, վայրագ գործողութիւնները Արցախի մեր ժողովուրդի եւ ոտնձգութիւնները Հայաստանի սահմաններուն դէմ, որոնք համարժէք միջազգային գնահատականի այդպէս ալ չարժանացան, համարձակութիւն ներշնչեցին թշնամիին շարունակական ռազմական գործողութիւններով փորձել հասնելու ցանկալի զիջումներու։ Իրական, արժանապատիւ խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ սպառնալիքներով ու պարտադրանքներով, չի կրնար բարեբեր ըլլալ եւ յարատեւութիւն ունենալ։

Սիրելի զաւակներ մեր ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս, վստահ ենք, մեր ժողովուրդի ոգին ամուր է, հայրենիքի սահմանները պահող զինուորները՝ անվեհեր։ Թիկունքին հայրենի սրբազան հողն է, մեր ընտանիքները, հայրենի դրօշը ծածանող մեր նահատակ հերոսներու շիրիմները եւ առ Աստուած ձայնող տաճարները։ Առկայ իրադրութեան մէջ պէտք չէ թոյլ տանք, որ անմիաբանութիւնն ու հասարակական ներքին բեւեռացումները մեզ առաջնորդեն նոր պարտութիւններու, պարտադրուած խաղաղութիւնը՝ նոր զիջումներու։ Մեր միասնականութեամբ եւ հայրենիքի նկատմամբ հաւատարմութեամբ պէտք է դիմակայենք նաեւ այս փորձութեան։ Արդ, մեր կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները, ազգային ամբողջ ներուժը համախմբենք եւ սատար ըլլանք հայոց բանակին եւ հայրենիքի կարիքներուն։ Չերկմտինք եւ գործենք առ հայրենին սիրով եւ պատասխանատուութեամբ։ Ամենայն յանձնառութեամբ իւրաքանչիւրս մեր պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ ընենք կարելին՝ յանուն անկախ պետականութեան անսասանութեան, յանուն մեր ազգի յարատեւութեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս մեր բարեկամ երկիրներուն՝ ազդու քայլեր ձեռնարկել կասեցնելու Ատրպէյճանի հերթական բռնութիւնը եւ նկրտումները հայոց աշխարհին դէմ։

Եղբայրական մեր դիմումն է քոյր եկեղեցիներու հովուապետներուն աղօթելու առաջին քրիստոնեայ պետութեան, անոր հաւատաւոր ժողովուրդի ապահովութեան համար եւ կարելի նպաստը բերելու տարածաշրջանէ ներս իրական խաղաղութեան հաստատման։

Մեր հայցն է առ Միածին Որդին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս՝ վերստին այցի գալու իր փոքր հօտին, որուն դարեր առաջ ընտրեց ի վկայութիւն իր հաւատի։ Կ՚աղօթենք զոհուած մեր զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան եւ անոնց հարազատներու եւ ընտանիքներու մխիթարութեան համար։ Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն։ Թող Տէրը ամուր եւ տոկուն պահէ եւ իր ամենախնամ Ս. Աջով պահպանէ հայոց զինուորը։

Աստուած պահապան հայոց բանակին եւ մեր հայրենիքին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022