ՏՈՀ­ՄԻԿ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Առաջին անգամ նախակրթարանի տարիներուն լսած էի տոհմիկ բառը։ Այդ օրերուն կարծեմ հայերէն բառեր աւելի կը հնչէին մեր ականջներուն։ Տոհմիկ բառը կը գործած-ւէր հետեւեալ նախադասութեան մէջ «Տոհմիկ հայկական կրթութիւն»։ Շիտակը բնաւ չէի մտածեր այդ նախադասութեան իմաստին մասին։ Ի՞նչ իմաստ ունէր այդ նախադասութիւնը, ի՞նչ էր տոհմիկ կրթութիւնը։

Կրթութիւնը կրթութիւն էր, ուրեմն ի՞նչ կը նշանակեր տոհմիկ կրթութիւն՝ մանաւանդ հայկական կրթութիւն։

Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակութեան տօնի մասին երբ կը մտածէի, յիշեցի վերոնշեալ նախադասութիւնը եւ այս տեսակի կրթութեան որքա՜ն կարեւոր ըլլալը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ ու ամրացաւ իմ մէջս։

Տոհմիկ կրթութեան իմաստը կը գտնենք բառարանի դիմելով. տոհմիկ բառը՝ ըստ բառարանի, կու գայ պահլաւերէն դոհմ բառէն, որ կը նշանակէ՝ սերմ, հունտ, ցեղ, ծագում, սերունդ, եւ թրքերէն՝ մեր ամէնուն ծանօթ թոհում բառին արմատն է։

Ուրեմն տոհմիկ՝ ցանուած, մշակուած ցեղ, սերունդ մը կը նշանակէ։

Կրթութիւն կը ստանանք նախ մեր ընտանիքէն, յետոյ մեր մերձաւորներէն, վերջապէս մեր յաճախած վարժարաններէն։ Ուսանիլ եւ կրթուիլ ամէն անհատի ամենակարեւոր իրաւունքն է։ Ուսուցանելու կերպերը նոյնիսկ իրարմէ տարբերութիւններ ալ ունենան, գրեթէ նման են, բայց գիտութեան կանոնները նմանօրինակ։ Իսկ տոհմիկ կրթութիւնը ընտանիքէն, շրջապատէն, վարժարաններէն ստացուած ընդհանրական գիտելիքներէ տարբեր բան մըն է։

Այսօր քիչ չէ թիւը այն ծնողներուն, որոնք ո՛ր վարժարանի երդիքին տակ ալ ըլլայ «կրթութիւնը կրթութիւն է» գաղափարով՝ կը նախընտրեն ուղարկել իրենց զաւակները օտար դպրոցներ, խորհելով, թէ անոնք աւելի լաւ ուսում կը ստանան։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կը սխալին այս մտածելակերպով։ Մանուկ ժամանակ ես ալ անգիտակ է տոհմիկ կրթութեան կարեւորութեան, բայց մեր օրհնեալ ուսուցիչները մեզ կը կրթէին այդ ձեւով։

Ուրեմն տոհմիկ կրթութիւն կը նշանակէ՝ նոյն նախահայրէ սերած մարդոց ամէն մէկ անհատը իրարու կապել աւելի բարձր իտէալներու ու արժէքներու հիման վրայ։ Այս իրականութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ մեր վարժարաններու պարագային։

Երբ կը տօնենք Հայ գիրերու գիւտը, թէ՛ Ս. Սահակի ու Ս. Մեսրոպի բարեխօսութեանը կը դիմենք եւ թէ կը խոնարհինք իրենց սուրբ յիշատակին առջեւ։

Անտարակոյս, Գիրերու գիւտի մղող բուն նպատակը միմիայն ուրոյն գիրեր ունենալ չէր, այլեւ՝ հայ ժողովուրդը օտարացումէ փրկել ու Աստուած գիտութեան հաղորդ դարձնելն էր։ Պատահական չէր, որ Թարգմանիչ վարդապետներ նախքան այդ օրուան բազում գիտութեան եւ փիլիսոփայական գիրքերու, թարգմանեցին Ս. Գիրքը՝ սկսելով Սողոմոն Իմաստունի գիրքի առաջին բաժնէն, ուր կ՚ըսէր. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, եւ իմանալ զբանս հանճարոյ». «Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար», (Առակ 1,1-2)։

Մարդ նախ եւ առաջ պէտք է ճանչնայ Աստուած, ապա հանճարին գաղտնիքները։

Սուրբ թարգմանիչներ այսպէսով հայ անդաստանին մէջ սկսան ցանել Աստուծոյ խօսքը՝ Քրիստոսի սերմնացանի առակին նման, որոնք լաւ հողի մէջ իյնալով սկսան հայ ազգը մշակել. (Մատթ13-3)։

Իսկ ինչպէս Աստուած Հին ուխտի մէջ մեծամեծ գործեր գործեց Մովսէս մարգարէի միջոցով ու Իսրայէլի Աստուածը եղաւ ու անոնք ալ Աստուծոյ ժողովուրդ, Նոր ուխտի մէջ ալ մենք՝ հայերս Քրիստոս ճանչնալով եղանք Աստուծոյ ժողովուրդ, որ ժամանակ մը հեռու էինք Աստուծմէ։ Աստուած ալ հայ ազգի Աստուածը եղաւ։ Նոյնպէս Աստուած օրհնեց մեր ժողովուրդը։ Ան ինչպէս քարերու վրայ գրելով Իսրայէլի ժողովուրդին տուած տասնաբանեան, այնպէս ալ Սուրբ թարգմանիչներու ձեռքով մեզի շնորհեց կենդանի գիրեր, որոնց միջոցով այլեւս Աստուած մեզի սկսաւ խօսիլ հայերէնով, նաեւ այբուբենով ստացանք սուրբ պատուիրանները։

Ինչպէս Իսրայէլի ժողովուրդը շուտով զԱստուած մոռցաւ ու ոսկի ձուլ մը շինելով զայն պաշտեց, հակառակ որ տեսած էր Բարձրեալին հրաշալիքները, իսկ մենք ալ նոյնպէս զԱստուած մոռցած պիտի ըլլանք, եթէ այբուբենը նախեւառաջ Աստուծոյ պատգամին ու խրատներուն հաղորդ դառնալու հրաշալի միջոց ըլլալէ դադրեցնենք, պաշտենք զանոնք միայն իբրեւ հայ տառեր։

Հայ տառերը անկենդան կուռք կը դառնան նաեւ մեր ձեռքերուն տակ, երբ միայն յատուկ օրերու կ՚անդրադառնանք անոնց ու զանոնք կը փառաբանենք իբրեւ պատմութեան մէջ պատահած դէպք։ Երբ Ս. Սահակն ու Ս. Մեսրոպը հայ աշակերտներու կողմէ միայն բեմի վրայ կը ծանօթացուին իբրեւ ազգային պատմութեան հերոսներ. չի յիշուիր Աստուծոյ Ս. Սահակի ու Մեսրոպի միջոցով հայ ժողովուրդի հետ հաստատած ջերմ կապը. երբ կը պատրաստուին դպրոցական հանդէսներ, որոնց ընթացքին բանաստեղծութիւններէ քառեակներ կը ծորին մեր մանուկներու շուրթերէն ու կը ծափահարենք զանոնք, թէ որքա՜ն գեղեցիկ արտասանած են… Իսկ ամենակարեւորը՝ եթէ այդ բոլորը կը մնան միայն վարժարաններու երդիքներուն ներքոյ, դուրսը չենք շարունակեր մեր զաւակներուն հետ խօսիլ մայրենիով՝ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն…

Ի՞նչ իմաստ ունի՝ երբ մենք հայերէնով չենք գրեր ու չենք կարդար, չենք սորվիր սուրբերու փոխանցած սուրբ գիտելիքները, հայ թերթ ու գիրք չենք կարդար, ոմանք հայերէնը վարժարաններէ վերցնելու՝ եթէ ոչ գոնէ դասաժամերը նուազեցնելու ջանքեր կը գործադրեն՝ որովհետեւ մանուկներ ապագային պէտք պիտի չունենան իրենց մայրենիին, ի զուր աշխատանք համարելով կը նախընտրեն ժամանակ տրամադրել օտար լեզուի ու ամէն տեսակ պարապումներու։

Եթէ այսպէս շարունակենք, պիտի նմանինք Քրիստոսի մօտեցող եւ տաճարի շինուածքն ու գեղեցկութիւնը ցուցնող այլոց, որոնք միայն կը պարծենային տաճարի շինուածքին գեղեցկութեան, ու Աստուծոյ փառքը չէին փնտռեր։ Եւ Քրիստոս ըսած էր անոնց. կը տեսնէք այս շինուածքը, կ՚ըսեմ ձեզի թէ պիտի չմնայ քար քարի վրայ որ քակտուած չըլլայ. (Մատ 24-2)։

Այսպէս, հայերէնն ու հայու յատուկ տոհմիկ կրթութիւնն ալ փլուզման եզրին է, եթէ չսթափինք ։

Պէտք չէ մոռնալ, որ եղած են մեր նախնիներէն շատեր, նաեւ աշխարհահռչակ լեզուաբաններ, որոնք այդ օրուան պայմաններով նոյնիսկ սահուն միանգամայն հինգ-վեց ու աւելի օտար լեզուներու տիրապետած են, բայց երբեք չեն վարկաբեկած իրենց մայրենին, որուն լաւ տիրապետելով՝ հեղինակը դարձած են բազում գիրքերու։ Ուրեմն, ո՛չ թէ օտար լեզուներու դէմ ենք, այլեւ՝ տէր պէտք է կանգնինք մեր մայրենիին։

Դժբախտաբար ոմանք ալ աւելի կ՚օտարանան տոհմիկ կրթութեան եւ իրենց զաւակները բոլորովին կը հեռացնեն մայրենիէն…

Վերջապէս հայ տառերը եւ հայ լեզուն ո՛չ միայն խօսելու ու գրելու միջոց են, այլեւ՝ մեզ օտարոտի խորհուրդներէ, սովորութիւններէ, վարժութիւններէ հեռու պահող ու նախահայրերու գիծով տոհմիկ ժողովուրդ դարձնող կամուրջ մըն են։ Պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր հայ գիրէն ու գրականութենէն օգտուելու համար օտարներ կը սորվին հայերէնը, իսկ մենք կը փորձենք անխնաօրէն հալածել զանոնք. թէ՛ չխօսելով, թէ չկարդալով եւ թէ անտեսելով, անտարակոյս, նաեւ անոր ծառայող հայ մամուլին պէտք եղած կարեւորութիւնը չընծայելով։

Մեր խորհրդածութիւններուն վերջ կու տանք օրուան Շարականի տողերով, որոնք թարգմանութեան իսկ չեն կարօտիր.

Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին,

Հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի՝

Հովուել զհօտ նոր Իսրայէլի,

Երգով քաղցրութեան հնչմամբ զԱստուած օրհնեսցուք:

ԿՈ­ՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷ­ՆԷՐ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018