ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։  Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023