ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ այն բարենորոգման աշխատանքներուն, որոնք Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յառաջ կը տարուին։ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած գիրքի շնորհանդէսի առիթը օգտագործելով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քննեց բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքը։

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր սկսած բարեզարդման աշխատանքներուն շուրջ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021