«ՔՐԻՍՏՈՍ ՓԱՌԱՑ»
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջը։ Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը կը խորհրդանշէ այս բերկրառատ տօնը, որու սկիզբը երէկ երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ազդարարուեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նախատօնակ, որմէ վերջ ալ կատարուեցաւ տարուան առաջին անդաստանը՝ օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։
«Քրիստոս փառաց» տաղի երգեցողութեամբ, Ս. Գայիանէ վանքի խորանի կանթեղէն վառուած մոմով Նորին Սրբութիւնը Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող կենսատու լոյսը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Նախատօնակէն յետոյ հոգեւորականներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայրավանքի համալիրի միաբանական շէնքի շրջափակը, ուր Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ բազում հաւատացեալներու ներկայութեամբ վառուեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներուն ընծայեց խաչեր։
Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Տեառնընդառաջի տօնը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր։ Ուստի, այսօրուան Ս. Պատարագներու աւարտին, նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ կը կատարուի Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ։