Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
Մեծ պահքի երրորդ օրն է:
Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր յաճախ կու տան:
Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր շա՜տ յաճախ կ՚անտեսեն:
Հարցում մը, որուն ճիշդ պատասխան գտնելու պարագային, մեր պահեցողութիւնը նպատակ եւ իմաստ կ՚ունենայ, կը դադրի սովորական կերակրականոն (diet) մը ըլլալէ ու մեր հոգիներու շինութեան կը ծառայէ:
Մեր այս տարուան Մեծ պահքի ճամբորդութիւնը արդարեւ, ընթացք մը պիտի ըլլայ փորձել գտնել պահեցողութեան ճի՛շդ հասկացողութիւնը, զայն կեանքի կոչելու եւ անով հասնելու մեր հոգիներու, միտքերու եւ մարմիններու մաքրութեան:
Այսօր, Աստուածաշունչէն մի քանի համարներ պիտի մէջբերենք պահեցողութեան մասին: Ընթերցողները այդ համարները կարդալով թող խորհրդածեն, որովհետեւ յաջորդող օրերուն այդ համարները պիտի փորձենք հասկնալ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն գրութիւններուն ընդմէջէն:
• Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն 2.16-17):
• Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցնելէ ետք՝ անօթեցաւ (Մտ 4.1-2):
• Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս (Մտ 6.16-18):
• Մտիկ ըրէք եւ լաւ հասկցէք: Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը (Մտ 15.10-11):
• Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ (Հռ 14.17-18):
• Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք: Բայց, զգո՛յշ եղէք. չըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար (Ա. Կր 8.8-9):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ