ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Լե­հաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ե­ժի Նո­վա­քովս­քին։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ 

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հիւր դես­պա­նին հետ անդ­րա­դար­ձաւ հայ եւ լեհ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան կա­պե­րուն, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս առ­կայ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Լե­հաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին մա­սին խօ­սե­լով՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց Լե­հաս­տա­նի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ա­նոր  նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ 

Իր հեր­թին Նո­վա­քովս­քի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ շեշ­տեց հայ եւ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եր­կու եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քէն ներս։ 

ՇՔԱՆ­ՇԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՅԱՆՁ­ՆՈՒՄ

​Միւս կող­մէ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շքան­շան­նե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» պա­տուոյ բարձր շքան­շան­ներ շնոր­հեց ե­րաժշ­տա­գէտ Վլա­տի­լէն Բա­լա­յեա­նին, Սի­մէոն Հա­խու­մեա­նին, «Կո­մի­տաս» լա­րա­յին քա­ռեա­կի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ե­դուարդ Թա­դէո­սեա­նին եւ ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ Թով­մաս Պօ­ղո­սեա­նին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015