ՃԻ՛ՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ
Մեծ պահքի 15-րդ օրն է:
Վստահաբար շատեր որոնք պահեցողութեան այս ճանապարհորդութեան կը մասնակցին, բազամաթիւ փորձառութիւններ ձեռք ձգեցին մինչեւ հիմա եւ միաժամանակ բազմաթիւ փորձութիւններու հանդիպեցան, կարեւորը սակայն հիմա չէ, այլ՝ աւարտը, թէ ի՛նչպիսի կարգավիճակով աւարտին պիտի հասնի այս ճանապարհորդութիւնը:
Այս ընթացքին շատեր կրնան տարբեր-տարբեր ձեւերով մօտենալ պահեցողներուն, այսպէս ըսուած «խորհուրդ» տալու համար, բայց իրականին մէջ ո՛չ թէ խուրհուրդ է անոնց տուածը, այլ՝ փորձութիւն: Աւելին, շատեր ինչպէս նախորդ օրերու գրութիւններէս մէկուն մէջ ալ յիշած էի, Աստուծոյ անունով կը խօսին համոզելու համար մարդոց, թէ այսինչ բանը այսպէս է, իսկ այնինչ բանը այնպէս: Լսենք սակայն Պօղոս առաքեալ ի՛նչ կ՚ըսէ. «Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով եւ զանազան տեսիլքներով ձեզ մոլորեցնէ եւ մրցանակէն զրկէ. որովհետեւ այդպիսիները մարդկային հպարտութենէ տարուած են եւ կ՚ուզեն իրենք զիրենք պարտադրել ձեզի» (Կղ 2.18):
Ի՜նչ գեղեցիկ եւ դիպուկ նկարագրութիւն մերօրեայ գառնուկի մորթով գայլերուն, որոնք ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի մարդիկը մոլորեցնեն ճշմարիտ ճանապարհէն: Իրենց նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց ալ կ՚օգտագործեն, Աստուծոյ անունը՝ ինչպէս նախապէս ըսի, «կեղծ խոնարհութիւն», «հրեշտակներու ընծայուած պաշտամունք», «զանազան տեսիլքներ». տեսիլքներ, որոնք իրականին մէջ ո՛չ թէ Աստուծմէ են այլ սատանայէն, եւ այնքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք մեր օրերուն «տեսիլք»ներ կը տեսնեն, եւ այն ալ ամէնօրեայ դրութեամբ: Այնքա՜ն նուաստացուցած են աստուածային տեսիլքի արժէքը, որ իրենց համար դարձած է զբաղմունքի առարկայ, «Աստուած այսպէս ըսաւ», «Աստուած այսպէս յայտնեց ինծի», «Աստուած այս տեսիլքը տուաւ ինծի», «Աստուած տեսիլքով թելադրեց որ այսինչ բանը խօսիմ», «տեսիլք ստացայ, որ այսինչ բանը պէտք է ընեմ», «տեսիլք ստացայ, որ այսինչ տեղը պէտք է երթամ», կ՚ուզէ՞ք շարունակեմ տակաւին, որովհետեւ շարքը երկար է: Իսկ իրենց այս տեսիլքները որպէսզի հաւատալի դարձնեն այն մարդոց, զորս իրենց թակարդներուն մէջ ձգած են, կ՚օգտագործեն «կեղծ խոնարհութիւն» եւ դիւային ժպիտ մը: Անոնք կը մոռնան սակայն, որ եթէ Աստուած որեւէ բան ուզէ յայտնել մէկուն, ատիկա նաեւ կ՚արտայայտուի այն մարդուն ապրելակերպին վրայ, որ ստացած է այդ յայտնութիւնը կամ տեսիլքը: Թերթատեցէ՛ք Հին կտակարանն ու Նոր կտակարանը եւ տեսէք բոլոր այն մարդիկը, որոնք Աստուծմէ յայտնութիւն կամ տեսիլք ստացած էին, ի՛նչպիսի մարդիկ եղած են եւ ի՜նչ գործեր կատարած են: Մինչ, մերօրեայ յայտնութիւն ու տեսիլք ստացողները, այստեղ կը խօսին իրենց ստացած «յայտնութեան» կամ «տեսիլքին» մասին, յաջորդ վայրկեանին կը սկսին խօսիլ իրենց իրագործած տնտեսական յաջողութիւններու եւ այլեւայլ նիւթերու մասին, որոնք ո՛չ Աստուծոյ հետ առընչուած են եւ ոչ ալ Անոր Սուրբ Կամքին համաձայն են: Զգուշանալ պէտք է այդպիսներէն, որովհետեւ անոնք իրենց հետեւորդները կ՚անզգայացնեն, կը պարպեն մարդկային ամէն տեսակի յատկութիւններէն, որոնց գլուխը՝ ազատ մտածողութիւնն ու բանականութիւնը, եւ այդ ընելէ ետք ինչպէս կ՚ուզեն, այդպէս կ՚ուղղեն զանոնք:
Սակայն պէտք է լաւ գիտնանք, թէ «անոնք կապ չունին Գլուխին՝ Քրիստոսի հետ. մինչդեռ մարմինը՝ Քրիստոսի եկեղեցին, իր բոլոր յօդերով ու կապերով Գլուխին կապուած ու միացած, անկէ՛ կ՚առնէ իր աճումը, Աստուծոյ կամքին համաձայն» (Կղ 2.19): Մենք Քրիստոսի՛ կը պատկանինք, Անոր մարմինին անդամներն ենք, եւ մեր սնունդն ու աճումը կը ստանանք Անկէ, եւ ոչ թէ այլ տեղէ: Իսկ այդ սնունդը մեզի տրուած է Աստուածաշունչով, Եկեղեցւոյ Սրբազան Աւանդութեամբ եւ Եկեղեցւոյ Հայրերու գրականութեամբ: Այդ «խոնարհ»ները միայն Աստուաաշունչը կ՚ընդունին, իսկ միւս երկու ազդակները իրենց համար գոյութիւն չունին:
Ինչո՞ւ սակայն:
Աստուածաշունչը որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ կարդալ ու իր կարդացածին մեկնաբանութիւն տալ, այնպէս՝ ինչպէս կը հասկնայ: Սակայն, երբ Աստուածաշունչ կարդալու կողքին կան Եկեղեցւոյ Սրբազան Աւանդութիւնն ու Եկեղեցւոյ Հայրերու գրականութիւնը, այդ ազատ մեկնութեան կարելիութիւնը կը չքանայ, որովհետեւ մեկնութիւնը ունի իր կանոններն ու օրէնքները, որով մարդը կը մղէ ճիշդ կերպով հասկնալու Աստուածաշունչը:
Օրինակ մը տամ. ոեւէ մէկը կրնա՞յ մէկ օրինակ տալ Եկեղեցւոյ Սրբազան Աւանդութենէն կամ Եկեղեցւոյ Հայրերու գրականութենէն, ուր Աստուծոյ սուրբերը՝ մարգարէներն ու առաքեալները նուաստացած են եւ կամ այպանուած են իրենց այս կամ այն թերացումին համար: Գոնէ ես նման բան մինչ օրս չեմ տեսած եւ ոչ ալ կը պատկերացնեմ, թէ կրնամ տեսնել, որով այդ մէկը առողջ մօտեցում չէ, ընդհակառակը Աստուծոյ գործին խառնուիլ է: Մինչ, մերօրեայ «խոնարհ»ները, Աստուծոյ սուրբերը կ՚անարգեն, կ՚այպանեն եւ հազար ու մէկ անուն կը կպցնեն իրենց թերացումներուն համար, ու իրենց պատճառաբանութիւնն ալ այն է, որ անոնք ալ մեր նման մարդիկ էին: Այսքանով ալ չեն բաւարարուիր եւ կու գան աւելցնելու, ի՞նչ կայ որ, ես ալ Պետրոս մըն եմ, ես ալ Պօղոս մըն եմ, ես ալ Դաւիթ մըն եմ...: Ա՛յ ողորմելիներ, ե՛րբ պիտի հասկնաք, որ այդ մարդոց կեանքին մէջ տեղ գտած թերացումները ծառայած են Աստուծոյ փառաւորումին, այսինքն՝ այդ մարդիկ՝ սուրբերը անդրադառնալով կամ գիտացկելով իրենց թերացումներուն, թերութիւններուն՝ զանոնք ուղղած են եւ ծառայեցուցած Աստուծոյ փառքին համար: Իսկ այսօր դուք ի՞նչ կ՚ընէք, նոյն այդ օրինակները ո՛ր Աստուծոյ փառքին ծառայած են, կ՚առնէք եւ դուք ձեր անձերուն փառքին կը ծառայեցնէք: Հեռո՛ւ պէտք է մնալ նմանատիպ «խոնարհ» քարոզիչներէ, որոնք ո՛չ թէ Աստուծոյ կը մօտեցնեն, ընդհակառակը Աստուծմէ կը հեռացնեն եւ դէպի սատանային կ՚առաջնորդեն:
Տասնհինգերորդ օրուան մարտահրաւէր. պէտք է ջանանք ճիշդը սխալէն զանազանել, ուղղափառը՝ անուղղափառէն, ճշմարիտը՝ սուտէն ու կեղծիքէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ