Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն անձնական այցելութիւն մը տուած է Հռոմ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախընթաց օր նորին սրբազնութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սրբազան Պապի հաւատացեալներու հետ շաբաթական հանդիպման շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած է այս հանդիպումը։ Քահանայապետը այդ օր ընդունած է միայն վեց անձնաւորութիւններ, որոնցմէ մին եղած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը արտայայտած է իր ջերմ սէրը։
Իր կեցութեան օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուած է Հռոմի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էօմէր Կիւճիւքին։ Իրեն ընկերացած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Սիրալիր զրոյցը տեւած է շուրջ ժամ մը։
Երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունուած է նաեւ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոնս. Պրայան Ֆարրելի Եպիսկոպոսին կողմէ։ Որպէս յիշատակ ան լանջախաչ մը նուիրած է մոնսենիէօրին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան իսկ վերադարձած է քաղաքս։