ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խըն­թաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մա­տեղ գոր­ծո­ղու­թիւն» հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան (ACT Alliance) ղե­կա­վար խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։ Հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» բա­րե­գոր­ծա­կան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Տքթ. Կա­րէն Նա­զա­րեան, որ կ՚ան­դա­մակ­ցի այս հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար խոր­հուր­դին։

ACT Alliance-ի խոր­հուր­դը, որ կը բաղ­կա­նայ քրիս­տո­նէա­կան զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու 19 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ, վեր­ջին օ­րե­րուն իր հեր­թա­կան տա­րե­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Կա­րէն Նա­զա­րեան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին։ Ան յայտ­նեց, թէ այս հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ հիմ­նա­կան ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք են՝ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ օգ­նու­թեան մա­տա­կա­րար­ման, զար­գաց­ման ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ըն­կե­րա­յին ա­ռու­մով խո­ցե­լի խում­բե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը։

Ա­պա խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ACT Alliance-ի ղե­կա­վար մարմ­նի հա­մա­կար­գող Սու­շանթ Ա­կար­վալ (Հնդկաս­տան)։ Այս վեր­ջի­նը նախ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան եւ օրհ­նու­թեան հա­մար։ Ան ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ու նշեց, թէ խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն զա­նա­զան աշ­խար­հա­մա­սեր, մաս կը կազ­մեն Քրիս­տո­սի Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի­րենց ջան­քե­րը կ՚ուղ­ղեն ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու հե­տե­ւան­քով տու­ժած­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ կը ջա­նան զօ­րակ­ցիլ այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք աշ­խար­հի զա­նա­զան հա­տուած­նե­րուն մէջ կը տա­ռա­պին ու կը չար­չա­րուին։

Իր կար­գին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բարձր գնա­հա­տեց այս հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ ա­նոր օգ­տա­շատ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ըստ Նո­րին Սրբու­թեան, այս շրջա­նին, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով խա­թա­րուած է հա­յոց սահ­ման­նե­րուն ան­դոր­րը, տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ­ներ զո­հուած են եւ բա­զում հա­յոր­դի­ներ ստի­պո­ղա­բար դար­ձած գաղ­թա­կան՝ այս հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին Հա­յաս­տա­նի մէջ գու­մա­րուի­լը կը դի­տար­կուի իբ­րեւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ներդ­րում տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­խա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ճա­նա­պար­հին։

Ա­ւե­լի վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ներ­կա­յա­ցուց այն ծրագ­րե­րը, ո­րոնք հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ի գործ կը դրուին Ար­ցա­խին զօ­րակ­ցե­լու նպա­տա­կով։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր հայ­րա­պե­տա­կան գնա­հա­տան­քը փո­խան­ցեց Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» հիմ­նադ­րա­մին եւ ACT Alliance-ին կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ցու­ցա­բե­րուած նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ Տէ­րը զօ­րաց­նէ Իր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին, որ­պէս­զի նմա­նօ­րի­նակ մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ կեր­տուի ա­ռա­ւել բա­րօր աշ­խարհ մը՝ խարս­խուած ազ­գե­րու, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ու կրօն­նե­րու մի­ջեւ փո­խա­դարձ սի­րոյ եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան վրայ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան՝ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին ի նպաստ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան եւ Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան։ 

Շաբաթ, Մայիս 14, 2016