Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այց մը տուաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին կ՚ընկերանային Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Նկատի ունենալով, որ Ուղղափառ աշխարհը այս տարի բաւական ուշ նշեց Ս. Զատիկը՝ Ընդհանուր Փոխանորդը Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարին կապակցութեամբ։ Այս առթիւ Յունաց Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմիջական մթնոլորտով հիւրասիրութիւն մը։
Շաբաթ, Մայիս 14, 2016