ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու հաւաք մը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններ։ Այս առթիւ անդրադարձ կատարուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին բախումներուն։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի Տաւուշի մարզի դէմ կատարուած հրադադարի խախտումներուն եւ ներթափանցման փորձերուն առընչութեամբ ժողովէն վերջ յայտարարուեցաւ հետեւեալը. «Մտահոգութեամբ տեղեկացանք Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հիւսիսային սահմաններու դէմ կատարուած հերթական ոտնձգութեան, որու հետեւանքով կան տուժած հայ զինուորական ծառայողներ։ Անընդունելի է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ կեցուածքը համընդհանուր այս համավարակի պայմաններուն մէջ։ Կը դատապարտենք մեր երկրի դէմ դրսեւորուած բռնութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը կը հրաւիրենք առարկայական ու համարժէք գնահատականներով կանխելու ռազմական գործողութիւններու հաւանական ծաւալումները եւ անոնց ապագայ կրկնութիւնները։ Աղօթելով Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով տուժած մեր զաւակներու շուտափոյթ ապաքինման համար՝ մեր զօրակցութիւնը կը բերենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, Հայոց յաղթական բանակի մեր զինուորներուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերու մեր քաջարի զաւակներուն՝ մաղթելով ամրութիւն ու արիութեան ոգի դիմագրաւելու համար յարձակումներն ու նկրտումները։ Կ՚աղօթենք, որ խաղաղութիւնը անվրդով մնայ մեր տարածքաշրջանէն ներս եւ մեր ժողովուրդը շարունակէ իր բնականոն կեանքի ընթացքը»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020