ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին նախընթաց օր հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։

Սրբոց Յակոբեանց վանքի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յորդանան գետի ափի վանքերու, եկեղեցիներու եւ ճամբաներու նորոգութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020