ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Ե­րէկ, Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին առ­թիւ, Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ապ­րուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ, Սկիւ­տա­րի բար­ձուն­քի մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին դար­ձաւ հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Սկիւ­տա­րի ան­ցեա­լի հո­վիւ­նե­րէն Տ. Բար­սեղ Ա. Քհնյ. Վան­լեան, որ ներ­կա­յիս ար­տա­սահ­ման հաս­տա­տուած ըլ­լա­լով հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին, ուր Ս. Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սկիւ­տա­րի Միա­ցեալ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գրի­գոր Մէ­շա­լէ­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սի­րուն Սի­րու­նեա­նի։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Յա­կոբ Սրկ. Քես­կի­նեան եւ այլ դպիր­ներ։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ կատա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ներ­կա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին էին հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սարքուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը հե­տե­ւե­ցան Պայ­ծառ Սո­լա­քի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կագ­րին։

Իր խօս­քին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ բարձր գնա­հա­տեց Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, որ լուրջ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Սկիւ­տա­րի բար­ձուն­քին մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կեն­սու­նակ պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը շեշ­տեց, թէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը միշտ պատ­րաս­տա­կամ է իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լիու­լի սպաս դնե­լու մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ դրա­կան նպա­տակ­նե­րու ի նպաստ։

Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին օ­րը տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին պի­տի են­թար­կուի հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տան­քի մը, որ պի­տի տե­ւէ քիչ մը եր­կար։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին շրջան­նե­րուն ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քի պա­րա­գա­յին յա­ռա­ջա­ցած են ար­տա­քին եւ ներ­քին բա­ժին­նե­րու ֆի­զի­քա­կան հար­ցեր, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ Քա­ղա­քի մաս­նա­ւոր վար­չու­թեան կող­մէ մաս­նա­գէտ­ներ, մա­նա­ւանդ ճար­տա­րա­գէտ­ներ կա­տա­րած են քննու­թիւն­ներ։ Ար­դիւն­քը ե­ղած է այն, որ Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք մը ի­րա­կա­նաց­նել, նե­րա­ռեալ ամ­բողջ տա­նի­քի վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը։ Այս ծրա­գի­րը պի­տի նմա­նի Օր­թա­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին կեան­քի կո­չուա­ծին, այ­սինքն Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ միայն չորս պա­տե­րը պի­տի պահ­պա­նուին ու մնա­ցեալ ա­մէն ինչ պի­տի վե­րա­կա­ռու­ցուի, հիմ­քե­րը պի­տի ամ­րապն­դուին ե­ւայլն։ Հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­գի­ծը ար­դէն վա­ւե­րացուե­լու վրայ է եւ ա­նոր հաս­տա­տու­մէն վերջ, կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսին։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ շուրջ եր­կու տա­րուան աշ­խա­տանք մը կը նա­խա­տե­սուի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան հա­մար։

Ե­րէ­կուան Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան ա­ղօթ­քով եւ բո­լո­րը հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ ի­րենց գնա­հա­տանքն ու զօ­րակ­ցու­թեան զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ի նպաստ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2015