ԵԹՈՎՊԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց եթովպացի երկու հոգեւորականներ՝ Հայր Միքայէլ Վարդապետն ու Հայր Կեպրէ Էկէզապհեր Վարդապետը, որոնք կը ծառայեն քաղաքիս մէջ։ Հիւրերուն ընկերացան երկու սարկաւագներ եւ իրենց թարգմանիչը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Հայր Միքայէլ Վարդապետ աւարտած է քաղաքիս մէջ իր ծառայութեան շրջանը եւ ի մօտոյ պիտի վերադառնայ Եթովպիա, իսկ իր հոգեւոր եղբայրը պիտի փոխարինէ զինքը։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայ Առաքելական եւ Եթովպական եկեղեցիները դաւանակից են՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ։ Քաղաքիս եթովպացի հաւատացեալները չունին իրենց եկեղեցին եւ տարիներէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ՝ որպէս աղօթատուն կ՚օգտագործեն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրի Ս. Յարութիւն մատուռը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց իր հոգեւոր եղբայրները, որոնք այս այցելութեան ի յիշատակ յուշանուէր մըն ալ յանձնեցին իրեն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022