ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եուլիան Ֆոթայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի հրատապ օրակարգին՝ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերուածութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութիւնը միջոցներու կը ձեռնարկէ զսպելու համար Ատրպէյճանի բռնութիւնները՝ յանուն տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման։

Եուլիան Ֆոթա ցաւակցութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն համար։ Ան վստահեցուց, թէ Ռումանիոյ կառավարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէ նպաստելու համար տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։ Ան յոյս յայտնեց, թէ իր Հայաստան այցելութիւնն ալ կը նպաստէ երկու բարեկամ երկիրներու փոխյարաբերութիւններու առաւել խորացման ու սերտացման։ Փոխ-նախարարը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց նաեւ Ռումէն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տանիէլ Պատրիարքի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ռումանահայ համայնքի ներգրաւուածութիւնը ընդգծուեցաւ երկրի կեանքի զանազան ոլորտներէն ներս եւ զարգացման գործընթացին։ Վեհափառ Հայրապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Ռումանիոյ իշխանութիւններուն եւ Ռումէն Ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ Ռումանիոյ հայոց թեմին եւ ռումանահայ համայնքին նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքին համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022