ԲԱԶԿԱՏԱՐԱԾ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՂԹՈՂ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ
Որ զանարատ բազուկս քո,
ի խաչին տարածեցեր Քրիստոս Աստուած.
եւ նշան յաղթութեան ետուր մեզ.
սովաւ զկեանս մեր պահեա։
(Շարական Խաչվերացի)
Խաչվերացի տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը անգամ մը եւս կը համակէ մեզ, երբ կը յիշենք Խաչը եւ Խաչեալը եւ խաչին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդիր կեցուածքը բոլոր անոնց, որոնք լաւագոյնս ըմբռնած էին իմաստը անկրկնելի Սուրբ Պատարագին, որ մէկ անգամ մատուցուեցաւ, որուն զօրութիւնը անանց է եւ յաւիտենական։
Որովհետեւ Խաչվերացի տաղաւարի կեդրոնը կը գտնուի Խաչը, շատեր այս տաղաւարին կը մօտենան սգազգած հասկացողութեամբ։ Ծանօթ իրողութիւն է, թէ նախածնողաց գործած մեղքով ապականեցաւ իրենց կեանքի հեզասահ ու երջանիկ ընթացքը եւ վրայ հասաւ մահուան անէծքը, որ ժառանգաբար փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ։ Խաչը Աստուածապարգեւ դարմանը եղաւ այդ անէծքին յառաջացուցած վէրքին բուժման։ Եւ յիրաւի այդ անէծքը վերացաւ Խաչին վրայ պատարագուած Խաչեալին Սուրբ եւ անարատ Արեամբ։ Հետեւաբար երբ կը յիշենք, թէ ինչո՞ւ անմեղ Խաչեալը պատարագուեցաւ, այդ յիրաւի ցաւ կ՚առթէ, սակայն երբ կը մտաբերենք անոր արդիւնքը, որ կամքն էր Հօր Աստուծոյ, մեր տրտմութիւնը եւ ցաւը կը փոխակերպուի ուրախութեան։ Եւ Խաչվերացի տաղաւարին այդ ուրախութիւնը կը շարունակենք ապրիլ եւ կ՚ուխտենք հաւատարիմ մնալ Խաչին եւ Խաչեալին, երանութեամբ յիշելով պատմութեան էջերուն մէջ նշուած այն նուիրեալ անձերը, որոնք Սուրբ Խաչի գերեվարութեան յառաջացուցած տրտմութիւնը փարատելու առաջադրութեամբ իջան ռազմական դաշտ մարտնչելու եւ Աստուծոյ կամքով ազատագրեցին Սրբութեան Նշանը։ Այսօր կը յիշենք մեր նախնեաց հաւատքի զօրութիւնը, իրենց օրինակելի կեցուածքը հանդէպ Սուրբ Խաչի Նշանին։
Սահակ Ձորաբորեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայ մատենագրութեան մէջ ի մասնաւորի ծանօթ է խաչի եւ եկեղեցւոյ նուիրուած շարականներով։ Խաչվերացի առաջին օրուան օրհնութեան շարականին մէջ կը գրէ. «Որ զանարատ բազուկս քո, ի խաչին տարածեցեր Քրիստոս Աստուած. եւ նշան յաղթութեան ետուր մեզ. սովաւ զկեանս մեր պահեա»։ Շարականագիր հայրապետը որ ապրած է եօթներորդ դարուն, կ՚ընդգծէ Աստուածորդւոյն անմեղութիւնը, յայտնաբերուած՝ «անարատ» ածականի ընդմէջէն, նաեւ կը բացատրէ չարչարանքի եւ մահուան գործիքին յաղթանակի նշանի վերածուիլը, շնորհիւ՝ անոր վրայ մահով մահուան դէմ տարուած յաղթանակին։
Քրիստոս իր բազուկները տարածեց խաչափայտին վրայ։ Այդ բացուած բազուկները երեք տարուան վարդապետութեան ընթացքին լայն բացուած էին, պատրաստ գրկելու բոլոր անոնք որոնք «յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ էին»։ Քրիստոս զանոնք ոչ միայն իր մօտ կը կանչէր, այլ նաեւ անոնց «հանգիստ կը խոստանար» (Մատթէոս, 11.28)։ Քրիստոս հակառակ անոր որ իր լայնատարած բազուկներով պատրաստ էր ի մի համախմբել կորսուած ոչխարները, ի տես դպիրներու եւ փարիսեցիներու կեղծաւորութեան ողբաց Երուսաղէմի վրայ ըսելով. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները, քանի՜ քանի անգամ ուզեցի հաւաքել քու զաւակներդ, ինչպէս հաւը կը հաւաքէ իր ձագերը թեւերուն տակ, բայց չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը աւերակ եւ լքուած պիտի մնայ ձեզի» (Մատթէոս, 23.37-38)։
Քրիստոս յետ չարչարանքներու եւ նախատինքի բազկատարած կը քամուէր խաչին վրայ։ Բազկատարած Քրիստոսի խաչին վրայ արտասանած «ամենայն ինչ կատարեալ է» (Յովհաննէս, 19.30) բառերը եւ «Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» (Ղուկաս, 23.46) վերջին խօսքով հոգին աւանդելը ըստ ոմանց տկարութեան նշան էր, սակայն այդ բոլորը կատարուած էին Հօր Աստուծոյ կամքով եւ Աստուածային կամքով յայտնաբերուած մահասփիւռ տեսարանին ընդմէջէն կը ծագէր յաղթանակի ճառագայթը։ Այդ ճառագայթին զօրութեամբ մահուան նշանը կը փոխակերպուէր յաղթանակի նշանի, որուն շնորհքովը կը շնորհազարդուէր ան, որ կը հաւատար բազկատարած Քրիստոսով տարուած յաղթանակի փրկարար զօրութեան։
Հին Ուխտի մեծ մարգարէն Մովսէս ի ձեռին ունենալով Աստուծոյ գաւազանը բլուր բարձրացաւ եւ բազկատարած կեցաւ, մինչ Յեսուի գլխաւորութեամբ կազմուած բանակը կը պատերազմէր Ամաղէկի հետ։ Երբ Մովսէս մարգարէի ձեռքերը վեր կը բարձրանային Յեսուի բանակը կը յաղթէր, իսկ երբ յոգնութեան պատճառաւ ձեռքերը վար իջեցնել կը հարկադրուէր, այս անգամ Ամաղէկը կը յաղթէր։ Որպէսզի յոգնութեան պատճառած տկարութիւնը չքանար, քար մը գտան որպէսզի անոր վրայ նստի եւ Ահարոնը եւ հրեայ երեւելիներէն՝ Ովր Մովսէսի ձեռքերը վեր բարձրացուցին ու մինչեւ արեգակին մայրը մտնելը Մովսէսի ձեռքերը մնացին միշտ բարձրացած ու Յեսուի բանակը դուրս եկաւ յաղթական (Ելից, 17.8-14)։
Մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը չորրորդ դարուն պարսից Շապուհ թագաւորի բանակին դէմ հաւատքի պաշտպանութեան համար մղուած եւ Ձիրաւի ճակատամարտ անունով ծանօթ պատերազմը արձանագրելու կարգին կը նշէ Սուրբ Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի հետ առընչուած յատկանշական դէպք մը։ Փաւտոս Բիւզանդ կը պատմէ, թէ Սուրբ Ներսէս Պարթեւ Հայրապետը Նպատ լերան վրայ օրհնած է զօրավարներու զէնքերը եւ մշտատարած ձեռքերը երկինք բարձրացուցած խնդրած էր Տիրոջմէ, որ խնայէր հաւատացեալներու ուխտին եւ իր սուրբ եկեղեցիներուն, որ ստացած էր իր պատուական արեամբ, իր ժողովուրդը չմատնէր անաստուած հեթանոսներու ձեռքը, որպէսզի երբեք հեթանոսները չըսէին, թէ ո՞ւր է անոնց Աստուածը։ Մովսէս Խորենացի եւս արձանագրած է, թէ Սուրբ Ներսէս Պարթեւ իր ձեռքերը երկինք բարձրացնելով եւ առանց իջեցնելու աղօթած էր նախամարգարէ Մովսէսի նման, մինչեւ որ երկրորդ Ամաղէկը [Շապուհ թագաւոր] պարտութիւն կրեց։ Այս առումով ալ Յովհաննէս Երզնկացի Սուրբ Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի ընծայուած շարականին մէջ Սուրբ Հայրապետը կը կոչէ որպէս «մարտակից զինուորական դասու»։
Մովսէս մարգարէի եւ Սուրբ Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի հետ առընչուած այս իրերանման երկու դէպքերուն մէջ կը յայտնուի բազկատարած աղօթքին զօրութիւնը։ Մովսէս մարգարէն ներկայացուած է որպէս Աստուածատես եւ Աստուածախօս կոչումներով եւ այդ հրաշքները իրականացած էր անոր համար, որ Աստուած ներկայ էր իր կեանքին մէջ եւ Աստուած օրէնքը տուաւ Անոր միջոցաւ։ Մովսէս մարգարէի աղօթքին պարագային կը հանդիպինք աղօթքի շարունակականութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ լուրջ գործակցութեան մը օրինակին, քանի որ աղօթելու պահուն կը նշմարուէր աղօթքի զօրութիւնը եւ այդ զօրութեան գործած հրաշքը։ Նաեւ ի ձեռին ունեցած գաւազանը կը յիշեցնէր, թէ անոր միջոցաւ հրաշքներ իրագործուած էին։
Սուրբ Ներսէս Պարթեւ Հայրապետ քրիստոնեայ էր, սնած Սուրբ Աւետարանի շունչով եւ հաւատացած՝ խաչի խորհուրդին եւ խաչի վրայ բազկատարած Քրիստոսի ինքնամատոյց զոհաբերումի փրկարար զօրութեան։ Ան նոյնպէս հաւատացած էր, թէ Քրիստոսի խաչի վրայ բազկատարած արտասանած աղօթքի բառերը, թէեւ համառօտ, սակայն ի Քրիստոս հաւատացեալներուն կը ներկայանային իրենց խորհրդաւոր եւ զօրաւոր իմաստով։ Սուրբ Հայրապետը Մովսէսի գաւազանին նմանողութեամբը իր ամբողջ էութեամբը ունէր հաւատքը, թէ «ունինք երկինքներէն անցած մեծ Քահանայապետ մը, Յիսուսը, Աստուծոյ Որդին, ուստի ամուր պահենք խոստովանութիւնը, քանի որ ոչ թէ ունինք քահանայապետ մը՝ որ չի կրնար չարչարակից ըլլալ մեր տկարութեան, այլ Քահանայապետ մը՝ որ մեզի նման փորձուած է ամէն բանի մէջ բայց առանց մեղքի է։ Ուրեմն, համարձակութեամբ մօտենանք անոր շնորհի աթոռին, որպէսզի ողորմութիւն ընդունինք եւ շնորհ գտնենք այն ատեն՝ երբ պէտք ունինք օգնութեան»։ (Եբրայեցիս, 4.14-16)
Նոյն հաւատքով երբ աղօթքի կը կենանք բազկատարած, մեր աղօթքներուն պատասխան ընդունելու յոյսով եւ ակնկալութեամբ, շարականի բառերով դիմենք Քրիստոսի ըսելով. «Քրիստոս Աստուած, Դուն քու անարատ բազուկներդ խաչին վրայ տարածեցիր եւ մեզի յաղթութեան նշան տուիր, անով պահպանէ մեր կեանքը»։ Նաեւ պատարագիչ հոգեւորականի ծածուկ աղօթքի բառերը կրկնենք նոյն հաւատքով. «Տէր Աստուած մեր, ընդունէ Քու ծառաներուդ բազկատարած աղաչանքները եւ ողորմէ մեզի՝ Քու մեծ ողորմութեանդ համաձայն։ Քու գթութիւնդ ղրկէ մեր եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ, որոնք Քեզմէ կ՚ակնկալեն առատ ողորմութիւն»։
Իր մահովը մահը կոխոտեց Քրիստոս։ Երանի մեզի որ ունինք մեր Փրկիչը՝ Աստուածորդին, որուն մատուցած անկրկնելի պատարագին, մահուան դէմ տարած յաղթանակին զօրութիւնը մատուցուած սուրբ պատարագներու միջոցաւ վայելած է Եկեղեցին, կը վայելէ այժմ եւ պիտի վայելէ յաւիտեանս մինչեւ ի կատարած աշխարհի։ Սուրբ Խաչին զօրութիւնը հովանի ըլլայ բոլորիս, այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
3 սեպտեմբեր 2024, Գնալը կղզի