ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՐԷԿ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Ե­րէկ, յետ­մի­ջօ­րէին Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղե­ցին օ­ծուե­ցաւ ու պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Հարկ է նշել, որ ա­նա­նուն բա­րե­րա­րի մը ա­ջակ­ցու­թեամբ մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նը վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ վեր­ջին շրջա­նին։ Աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին, խո­րա­նի ե­րէ­կուան օ­ծու­մով ե­կե­ղե­ցին վե­րա­բա­ցուե­ցաւ պաշ­տա­մուն­քի։ Հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հօր կող­քին էին Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սին հա­մա­ձայն կա­տա­րուե­ցաւ օ­ծու­մը, ո­րուն յա­ջոր­դեց կա­նո­նա­կան ժա­մեր­գու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Օ­րուան քա­րո­զին մէջ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան նշեց, թէ այս թա­ղը թէեւ նօս­րա­ցած է հայ­կա­կան բնակ­չու­թե­նէ, սա­կայն ան­ցեա­լին ա­նոր շե­մէն ան­ցած բո­լոր հա­յե­րուն հո­գին այ­սօր կը թե­ւա­ծէ պատ­մա­կան այս սրբա­վայ­րի կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գնա­հա­տեց ա­տե­նա­պետ Մի­սաք Կիւլ­լիւ­քի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նուի­րուած ջան­քե­րը, ո­րոնք հե­տա­մուտ են այս ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը վառ պա­հե­լու։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը Սրբա­զան Հօր եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ի պա­տիւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քեց խորհր­դա­րա­նին մէջ։

1832 թուա­կա­նին կա­ռու­ցուած Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղե­ցին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին լայ­նա­ծա­ւալ վե­րա­նո­րո­գու­թեան մը պի­տի են­թար­կուի Է­յու­պի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Իս­թան­պու­լի Քա­ղա­քի մաս­նա­ւոր վար­չու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ։ Վե­րո­յի­շեալ եր­կու մար­մին­նե­րուն մաս­նա­գէտ­նե­րը ար­դէն ա­ւար­տած են անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի սկսի գործ­նա­կան հանգ­րուա­նը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015