ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՈՒ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը վեր­ջերս նոր գիրք մը լոյս ըն­ծա­յեց՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ եւ «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։ Թով­մա Մե­ծո­փե­ցիի «Յի­շա­տա­կա­րան»ն է այս մէ­կը։ Բնագ­րին զու­գա­դիր՝ գոր­ծը կը բո­վան­դա­կէ գրա­բար եւ աշ­խար­հա­բար։ Գիր­քը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տուած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նի եւ Հրա­տա­րակ­չա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Ա­րա­րատ Քհնյ. Պօ­ղո­սեա­նի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ Տ. Ա­րա­րատ Քհնյ. Պօ­ղո­սեան հմտօ­րէն կը կա­ռա­վա­րէ Մայր Ա­թո­ռի Մա­տե­նա­դա­րանն ու հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը եւ այս գոր­ծով ալ գի­տա­կան ար­տադ­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ կը հա­մա­րուի լուրջ նպաստ մը։  Աշ­խա­տու­թիւ­նը գրա­բա­րէ աշ­խար­հա­բա­րի փո­խադ­րած է բա­նա­սէր Տքթ. Ար­շակ Մա­դո­յեան։ 

Թով­մա Մե­ծո­փե­ցիի «Յի­շա­տա­կա­րան»ը Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Ա­թո­ռի՝ 1441-ի Սի­սէն Սուրբ Էջ­միա­ծին վե­րա­դար­ձին նուի­րուած գլխա­ւոր վա­ւե­րա­գիրն է, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նոր շրջա­փու­լի խօ­սուն վկան, ո­րով պայ­մա­նա­ւորուած է նաեւ պատ­մա­կան անգնա­հա­տե­լի ար­ժէ­քը։ 

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017