ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինի հրէական կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան նախագահ Խորխէ Քնոպլովիցը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Արիէլ Պլուֆշթէյնը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ան ընդգծեց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու խնդիրները եւ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմատենչ քաղաքականութեան շարունակումը։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ հակամարտութիւններուն՝ անոնց հանգուցալուծման ու խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր նկատելով նաեւ միջկրօնական համագործակցութիւնը։

Իր կարգին, Խորխէ Քնոպլովիցն ալ՝ աշխարհի վրայ առկայ բարդ իրավիճակի յաղթահարման եւ արդարութեան հաստատման տեսանկիւնէն կարեւորեց մարդկութեան մէջ հաւատքի զարգացումը եւ կրօններու խաղաղ համագործակցութեան երկխօսութիւնը։

Հուսկ, զրուցակիցները խօսեցան Արժանթինէ ներս հայ եւ հրեայ համայնքներու համագործակցութեան մասին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023