ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Շաբաթ առաւօտեան աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր, որոնք կատարեցին նաեւ երգեցողութիւնները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Ալթըմէրմէրի տիկնանց խնամակալութեան կողմէ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ համախմբուեցան հոգեւոր հայրերը եւ ներկաները, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիր եւ իր ընկերները։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, իսկ Ընդհանուր Փոխանորդը գնահատեց մեր հոգեւորականաց դասը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Ալթըմէրմէրի տիկնանց խնամակալութեան։
Շաբաթ օրուան այս արարողութիւններէն վերջ երէկ ալ Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Ալթըմէրմէրի տիկնանց խնամակալութեան մաս կը կազմեն՝ Սիլվա Ալաչամ (ատենապետուհի), Անթիքօ Պաղամ, Լուսին Սելվիլէր, Նատիա Աքպաշ, Արշօ Քուրտօղլու, Շամիրամ Թոքատլըօղլու, Թալին Տէմիր եւ Արմենուհի Եըլմազ։
Հարկ է նշել, որ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցին բաց կ՚ըլլայ ամէն Ուրբաթ, իսկ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Ուրբաթը այնտեղ կը մատուցուի Ս. Պատարագ։