ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այս շրջանին կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակը, եպիսկոպոսական օծման 20-ամեակը եւ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարութեան 21-րդ տարեդարձը։ Այս եռեակ յոբելեաններուն առթիւ երէկ նորին սրբազնութեան ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ։ Վանաձոր քաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, ուսանողներ եւ հաւատացեալներ։ Մեծարանքի հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ ներքին թեմերու առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան սրբազաններ։

Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով եւ Տէրունական աղօթքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան ընթերցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ օրուան մեծարեալին յղուած օրհնութեան ու շնորհաւորութեան գիրը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արժեւորելով Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի անցած ուղին՝ Տիրոջ զօրակցութիւնը յայտնեց իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ։ Մայր Աթոռի դիւանապետը յոբելեար սրբազանին յանձնեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նուիրուած ոսկեզօծ եւ ադամանդակուռ ձեռաց խաչ մը։

Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեան եւս հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը եւ այս առթիւ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանը պարգեւատրեց մարզպետարանի ոսկէ մետայլով։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Շիրակի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան եւ Վանաձորի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Գուրգէն Խաչատրեան։ Շիրակի առաջնորդը այս առթիւ սրբանկար մըն ալ նուիրեց իր հոգեւոր եղբօր։

Յայտագրի տեւողութեան ցուցադրուեցաւ մեծարեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած տեսաերիզ մը։ Կատարումներով հանդէս եկան Վանաձորի Սենեկային նուագախումբը եւ «Հորովել» երգի-պարի համոյթը։ Թէ՛ մեծարեալ սրբազանին եւ թէ ներկաներուն կողմէ մեծ հաճոյքով ընկալուեցաւ Գուգարաց Թեմի քահանայից դասուն խմբերգը, ինչ որ օր-ւան անակնկալն էր։

Այս բոլորէն վերջ հանդէս եկաւ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ իր սրտի խօսքի սկիզբին շնորհակալութիւն յայտնեց Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանին՝ օրուան հովանաւորին։ Յոբելեար սրբազանը որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեց նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ «Յայտնի ճշմարտութիւն է, որ երբ մեզմէ մէկը կը բարձրանայ՝ կը բարձրանանք բոլորս եւ մեզմէ մէկուն անկումով կ՚իյնանք բոլորս։ Այսօր իմ հասցէին հնչած բոլոր բարի, ազնիւ գնահատանքի խօսքերու միակ հասցէատէրը ես չեմ։ Ես, գիտէք, որ ձեր առջեւ երբեք չեմ կեղծած։ Ուստի եւ այս գնահատանքի հասցէատէրերը դուք էք՝ այս դահլիճին մէջ նստածներդ՝ ներկայ ու նախկին բոլոր մարզպետները, քաղաքապետներն ու համայնքապետները, իմ արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս, վարդապետ ու քահանայ եղբայրները, խաչքաւորները, ներկայ ու նախկին պատգամաւորները եւ իմ մեծ ուսուցիչները՝ գիւղաբնակ ու քաղաքաբնակ ժողովուրդը։ Իմ առաջնորդութեան անցեալ 21 տարիները լի էին թէ՛ փորձութիւններով եւ թէ փորձառութիւններով։ Աշխատեցայ ստեղծել մնայուն արժէքներ, անցողիկ ու առօրեայ ճղճիմ խնդիրներէն վերանալ։ Յաջողութիւններուն համար պարտական եմ Բարձրեալին, որ օրհնեց իմ ծնողները եւ զիս։ Օրհնեց ու դարձուց իր հօտի սպասաւորը։ Եւ, ինչպէս միշտ, այժմ ալ կ՚աղօթեմ, փառք քեզ Աստ-ւած, փառք քեզ, ամէն ինչի համար փառք քեզ։ Սակայն անյաջողութիւններու համար մեղաւոր չեմ փնտռեր։ Ամենամեծ մեղաւորը դարձեալ ես եմ, որ տկարացած եմ, թերացած եմ եւ կամ գայթակղուած եմ ու պարտականութիւններս լաւ չեմ կատարած», ըսաւ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որու խօսքերը բուռն ծափահարութիւններով ընկալուեցան դահլիճին մէջ։

Գուգարաց Թեմի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի եռեակ յոբելեաններուն առթիւ շնորհաւորականներ ուղարկած էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասէն անդամներ, պոլսահայ մամուլէն խմբագիրներ եւ Հայաստանի զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017