Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան անցեալ շաբաթավերջին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս պատարագեց Փրովիտընսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Աւագ Քահանայ Չեւեան եւ տեղւոյն երէցը՝ Տ. Շնորհք Աւագ Քահանայ Սուին։ Երգեցողութիւնները ղեկավարուեցան Կոնստանդին Պետրոսեանի կողմէ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին հայր սուրբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց հաւատացեալներուն հետ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022