ՀԱՒԱՏՔԻ ԿԵԱՆՔ

Մեծ պահքի 16-րդ օրն է:

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին 11-րդ գլուխով կը խօսի հաւատքի անցեալ ախոյեաններու մասին, տալով բազմաթիւ օրինակներ, թէ մարդիկ ինչպէս հաւատքով արդարացան, որովետեւ Աստուծոյ կամքին հնազանդեցան եւ Անոր հաճելի կեանք մը՝ հաւատքի կեանք ապրեցան:

Առաջին համարով Առաքեալը հարցադրում մը կը կատարէ ու կը պատասխանէ իր այդ հարցումին. «Ի՞նչ է հաւատքը: Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11.1). հաւատքի կարճ, ամփոփ եւ միաժամանակ կատարեալ հասկացողութիւնը՝ «վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր», եւ ապա կը թուէ Հին ուխտի այն բոլոր հոգեկիր մարդիկը, որոնք «հաւատքի ախոյեաններ» կ՚անուանէ:

Արդարեւ, հաւատքի ախոյենութիւնը միայն անցեալին չի՛ վերաբերիր, այլեւ մանաւանդ՝ ներկայիս: Մեր Տէրն ու Փրկիչը տեսնողները երանելի են, որով առիթը ունեցան, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր» (Ա.Յհ 1.1): Աւելի երանելի են սակայն անոնք, որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան, որովհետեւ անոնք երանութիւնը արդէն իսկ ստացած են մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, երբ կ՚ըսէր. «Երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.29). եւ «Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել. տեսաւ եւ ուրախացաւ» (Յհ 8.56). ինչպէ՞ս տեսաւ, բնականաբար իր ունեցած հաւատքով: Երկու պարագաներն ալ մարդուն համար, մէկը՝ առանց տեսնելու հաւատալ, երկրորդը՝ ցանկալ տեսնել, եւ եթէ Աստուծոյ կամքն է, վստահաբար այդ ցանկութիւնը իրականութիւն կը դառնայ, շնորհիւ մարդուն մէջ բոյն դրած հաւատքին:

Միւս կողմէ սակայն չի՛ բաւեր միայն հաւատալ, այլեւ պէտք է հաւատքին պատշաճող գործեր ցոյց տալ: Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել» (Յկ 2.14), եւ ինք իսկ բացատրութիւնը կու տայ, ըսելով. «Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. “Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի”։ Այնպիսիին կը պատասխանեմ. ‘Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս’։ Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է» (Յկ 2.18-20), եւ «հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.26). այնքան պարզ ու յստակ բացատրութիւն, որով բոլորին համար ալ յայտնի կը դառնայ, թէ առանց գործերու հաւատք չկայ, որով հաւատքը կ՚արտայայտուի մարդուն կատարած գործերով: Իսկ ըսել որ հաւատք ունիմ, Առաքեալին բացատրութեան համաձայն, կը նմանի ըսել, թէ կը հաւատամ թէ մէկ Աստուած կայ, սակայն նոյն բանին կը հաւատան դեւերը, ո՛չ միայն կը հաւատան, այլ՝ կը սարսափին: Հետեւաբար հաւատացողը պէտք է նաեւ իր հաւատքին համապատասխան գործեր ունենայ: Տակաւին, Քրիստոսի ըսածը, թէ «ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս էք» (Յհ 13.35), ի՞նչ է սէրը, եթէ ոչ հաւատքի արտայայտութիւն եղող գործ, արարք, որ ուղղուած է մեր նմանին: Աւելի՛ն, Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ նաեւ ինչպէս մարմին չկայ առանց հոգիի, այդպէս ալ հաւատք չի՛ կրնար ըլլալ առանց գործերու: Իսկ հաւատքին գործերը ի՞նչ են, սէր, ներողամտութիւն, բարեգործութիւն, ողորմածութիւն, եւ այլն: Այս բոլորը սակայն պէտք է հաւատքով կատարուին, որով դարձեալ Պօղոս առաքեալն է ըսողը՝ «առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւը շահիլ» (Եբր 11.16): Հաւատք առաւել գործ, այսինքն՝ Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ: Իսկ առանց հաւատքի եւ անոր արտայայտութիւնը եղող գործերուն կը նմանինք անբան անասուններուն:

Ի վերջոյ, Մեծ պահոց այս օրերուն, վստահաբար բոլոր անոնք որոնք պահք կը պահեն, պահեցողութեան սկիզբը հաւատքով յանձն առին այս ճանապարհորդութիւնը կատարել: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այդ ճանապարհորդութեան յաջողութիւնը կախում ունի այդ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործերէն, եւ իւրաքանչիւրին կը մնայ այդ գործերը իր առօրեային մէջ կեանքի կոչել, այնքանով՝ ինչքան կարողութիւն ունի, սա ճշմարտութիւնն ալ չմոռնալով, որ Աստուած մեր կարողութենէն վեր եղող բան չ՚ուզեր մեզմէ, այլ՝ այն ինչ որ կրնանք կատարել, որովհետեւ Ան շատ լաւ կը ճանչնայ մեր ներսիդին եղող խորհուրդներն ու մտածումները:

Տասնվեցերորդ օրուան մարտահրաւէր. պահեցողութեան մնացեալ օրերուն աշխատիլ առաւելագոյնս գործերով ցոյց տալ, որ մենք Սուրբ Երրորդութեան կը պատկանինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022