ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ դէ­պի Ար­ցախ կա­տա­րուած զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը եւս։ Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ամ­բողջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին, Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մով հան­դերձ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գա­մը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016