ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏՕՆԵՑ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդի տօնը այս տարի եւս ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Այս տօնը տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ հռչակուած է որպէս Մանուկներու օրհնութեան օր։ Այս կապակցութեամբ երէկ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ Մայր Տաճարի շրջափակին կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնը բաշխեց Մայր Աթոռի մէջ համախմբուած բազում մանուկներու՝ անոնց ընծայելով փոքրիկ խաչեր, իսկ հաւատաւոր ժողովուրդին բաժնելով Անդաստանի ընթացքին օրհնուած ուռենիի ճիւղերը։

Օրուան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին նաեւ զանազան երկիրներէ ժամանած Մայր Աթոռի բարերարներ։ Պատարագիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան տուաւ օրուան պատգամը։ Քարոզէն վերջ եւս շարունակուեցաւ արարողութիւնը, որու աւարտին Ս. Գայիանէի վանքի շրջափակէն ներս կատարուեցաւ Մանուկներու օրհնութեան արարողութիւն։ Այս փուլին եւս Վեհափառ Հայրապետը բաշխեց իր օրհնութիւնը օրուան տօնին առթիւ Հայաստանի 12 տարբեր մանկատուներէն Մայր Աթոռ մեկնած շուրջ 2 հազար երեխաներուն՝ անոնց եւս բաժնելով փոքրիկ խաչեր։ Տղաքը ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրբ Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզըն Թուֆայեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ իրենց համար կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկին։ Այնուհետեւ Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի կողմէ երեխաները հիւրընկալուեցան Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ գործող բարեգործական ճաշարաններուն մէջ։

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի առջեւ ալ հանդիպեցաւ «Դանիական հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արագածոտնի ու Տաւուշի թեմերու համատեղ գործակցութեամբ «Լոյս մանկանց» ծրագրի շրջանակներէն ներս յիշեալ թեմերու 26 համայնքներուն մէջ իրականացուող քրիստոնէական դաստիարակութեան լսարաններու շուրջ 500 երեխաներուն հետ։ Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով անոնց՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ ուխտագնացութիւնը վերջիններուս Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ անհուն սիրոյ վառ արտայայտութիւնն է։ Նորին Սրբութիւնը մանուկներուն ու պատանիներուն պատգամեց հանապազ աղօթել, որպէսզի միշտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլան Աստուծոյ հետ, վայելեն անոր օրհնութիւնը, անսահման սէրն ու ողորմութիւնը։ Հանդիպումը աւարտին հասաւ միասնական երգուած Տէրունական աղօթքով եւ հրաժեշտի պահուն Վեհափառ Հայրապետը 500 երեխաներէ բաղկացեալ այս խումբի անդամներուն եւս նուիրաբերեց փոքր խաչեր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019