ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐ

Հոգեւոր բարձունքները մի առ մի կը նուաճէ հայ քրիստոնեան՝ արթուն հաւատքով վերանորոգ յոյսերով ու բարի ձգտումներով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Աւագ շաբթուան խորախորհուրդ օրերու իւրաքանչիւր փուլի պատգամը իր աշխարհացրիւ հօտին կը փոխանցէ փառաշուք ծիսակատարութիւններով։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթի էր, իսկ այսօր Աւագ ուրբաթ է։ Հայ քրիստոնեան կրնա՞յ եղբայրակիցը, հաւատակիցը լիարժէք ողջունել՝ առանց Աւագ հինգշաբթիի եւ Աւագ ուրբաթի բովէն անցնելու։ Տէր Յիսուսի չարչարանքներու, խաչելութեան ու թաղման մասին առանց մտածելու Ոտնլուայի կարգին մէջ առանց անոր խոնարհութիւնը ըմբռնելու, առանց Ընթրեաց Ս. Պատարագի առթած ապրումներուն մէջ դրծուելու, ինչպէ՞ս ներթափանցել Յարութեան տօնի յաղթութեան ուրախութեան։ Հայ քրիստոնեան կ՚ապրի տարուայ ամենէն նուիրական օրերը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակները կ՚ամրապնդուին իրենց գիտակցութեան մէջ, թէ նուիրական այս օրերուն հոգեւոր միասնականութեան մէջ են՝ որպէս նո՛յն աւազանէն մկրտուածներ, նո՛յն միւռոնով դրոշմուածներ, նո՛յն քրիստոնէական վկայութեան յետնորդներ եւ ի վերջոյ նո՛յն մարտիրոս եկեղեցւոյ հարազատներ։ Եւ այս գիտակցութիւնն է, որ Աւագ շաբթուան օրերուն կը ջերմացնէ բոլորի հոգին եւ յաջորդ քայլափոխին ալ կը բազմապատկէ տօնական ուրախութիւնը։

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան Աւագ հինգշաբթի օրուան բնորոշ հոգեպարար արարողութիւններ։ Ս. Գայիանէ պատմական վանքի կամարներուն ներքեւ մատուցուեցաւ Ընթրեաց Ս. Պատարագը, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Խաւարումը։ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ օրուայ ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Ոտնլուայի կարգը կատարուեցաւ։ Բացօթեայ արարողութիւնը հոգեւոր անբացատրելի ապրումներու առիթ դարձաւ, երբ բոլոր հաւատացեալները Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը ստացան, նաեւ բոլորին բաժին վիճակեցաւ իր ձեռամբ օրհնուած իւղէն։

Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին, սուրբգրային ընթերցումներէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը։ Ապա, հոգեպարար շարականներու երգեցողութեամբ, Աստուածորդիի օրինակով, լուաց եւ իւղով օծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի, Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեանի, Անտրէ Սարկաւագ Համամճեանի, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Զ. լսարանի սաներէն Աւետիս Սրկ. Աւետիսեանի, Հայաստանի բանակէն Ազատ Զարքարեանի եւ Նուէր Քոչարեանի, «Էօրնէքեան» դպրոցի աշակերտներէն Արման Դաւթեանի եւ Մկրտիչ Զօհրապեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի սաներէն Մայիս Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ այլ մանուկներու՝ Միքայէլ Զօհրապեանի, Նարեկ Համամճեանի, Էմիլ Սեդրակեանի, Սպարդակ եւ Արթուր Փալիկեաններու ոտքերը։

Հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան բացօթեայ արարողութեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2022