ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս ներկայ շրջանը կը բնորոշուի յոբելենական ձեռնարկներով։ Արդարեւ, ներկայ տարին կը զուգադիպի թեմի հաստատման 125-ամեակին։ Այս յատկանշական յոբելեանին առթիւ վերջերս պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Botanical Garden»ի մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց ամերիկահայ շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր։ Ներկայ էին նաեւ Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները։
Բացի թեմակալ առաջնորդէն, երեկոյթի ընթացքին արտայայտուեցան Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռիչըրտ Փափազեան, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արամ Սեթեանի եւ Քրիստինա Այանեանի։ Հարկ է նշել, որ Արեւելեան թեմէն ներս յոբելենական ձեռնարկներու կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետները կը հանդիսանան Մարիա եւ Պրայա Ստեփանեանները։
Նիւ Եորքի 125-ամեակի ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ յայտնի երգիչ Անտրէ։