ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը։ Ս. Զատկուան յաջորդած քառասուներորդ օրուան կը զուգադիպի այս կարեւոր եկեղեցական տօնը, որուն զուգահեռ մեր եկեղեցին կը տօնախմբէ նաեւ Հայոց Հայրապետական Աթոռին՝ 1441 թուականին Սիսէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրութեան յիշատակը։
Օրուան տօնին առթիւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանքը, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պայծառութեան եւ անսասանութեան, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի երկարամեայ արդիւնաշատ գահակալութեան համար։
Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան բացատրեց, որ պատմութեան դաժան դելադրանքով Հայրապետական Աթոռը տեղափոխուած է զանազան վայրեր։ Ի վերջոյ ան վերահաստատուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ «Ահա այս վայրն է մեր հայոց հաւատքի Ձիթենեաց լեռը, ուր երկինքն ու երկիրը կը հանդիպին եւ այս եկեղեցւոյ քարերը, ինչպէս կը վկայէ բանաստեղծը, դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբաներ ունին», ըսաւ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ հայցեց, որ վերին զօրքերու բարեխօսութեամբ միշտ անշարժ մնայ Հայկազեան Աթոռը եւ Աստուած կենաց արեւշատութիւն պարգեւէ հայոց ազգընտիր Հայրապետին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024