ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քոնստանդին Թրայանտաֆիլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։ Զրոյցի սկիզբին Կարէն Նազարեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւր պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան նպատակներուն շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան եւ «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամի միջեւ համագործակցաբար կեանքի կոչուած ծրագրերը եւ զարգացման ուղղեալ նոր նախագծեր իրականացնելու պատրաստակամութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ ստեղ-ծը-ւած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան մթնոլորտին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի համար դժուարին իրավիճակներու մէջ քոյր եկեղեցիներու կողմէ ցուցաբերուած է զօրակցութիւն։

Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, բարեսիրական եւ առողջապահական ծրագրերու մասին, որոնք ուղղուած են թէ՛ անապահով ընտանիքներու, խոցելի խումբերու աջակցութեան եւ թէ պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամ դարձած անձերու կարիքներուն։

Իր կարգին, հիւր գործադիր տնօրէնը ներկայացուց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ զանազան երկիրներէ ներս իրականացուած մարդասիրական ծրագրերը։ Ան կարեւորեց «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամի հետ ընդլայնուող համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ առկայ կարիքներու յաղթահարման։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծառայութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022