ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, երէկ եւս աշխարհացրիւ հայ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։

Ան օրուան քարոզին մէջ ներկայացուց տօնին խորհուրդը։ Ան ըսաւ. «Վերափոխման յիշատակի այս տօնը մեզի կարեւոր պատգամ կը փոխանցէ՝ ըլլալ տէր ու հնազանդ Աստուծոյ կամքին»։ Ան հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը մարդու եւ Աստուծոյ հաշտութեան համար՝ պատգամելով վերափոխել ու մեր անձերը աղօթքով սրբագործել։ «Աստուածածինը մեզ բոլորիս իր կեանքի կարեւորագոյն պատգամներէն մին կը փոխանցէ՝ Աստուծոյ խօսքին, աւետարանական պատգամին կատարեալ հնազանդութեամբ կեանք մը ունենալ։ Ս. Աստուածամօր օրինակով կոչուած ենք հնազանդելու Երկնաւոր Հօր, կոչուած ենք հաւատքով դառնալու Աստուծոյ լոյսի կրողներն ու տարածողները», նշեց պատարագիչ սրբազանը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօր մը՝ Ս. Գայիանէ վանքէն դէպի Սուրբ Տրդատի բաց խորան։ Մայրավանքի համալիրէն ներս արդէն հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուած էին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր կարգը։ Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022