ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ համաժողովի լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց այդ հաղորդագրութիւնը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրուած կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Միջազգային կրօնական ազատութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ համաժողովը, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ 2021 թուականի սեպտեմբերի 9-10-ին, յատուկ ուշադրութիւն դարձուց կրօնի ազատութեան խթանման եւ հոգեւոր, մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանման։

Հանդիպելով Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, մենք՝ համաշխարհային քրիստոնէական համայնքի համաժողովի մասնակիցներս, խորապէս յուզուած ու ոգեշնչուած ենք հայ ժողովուրդի պատմութիւնով։ Ան առաջինը ընդունած է քրիստոնէական հաւատքը՝ որպէս պետական կրօն, վերապրած է 20-րդ դարասկիզբին իրականացուած ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի 2020 թուականի պատերազմի սարսափներն ու պատմութեան այլ արհաւիրքներ։

Հայ ժողովուրդի շարունակական տոկունութիւնն ու հաւատարմութիւնը իր հաւատքին եւ մշակոյթին նկատմամբ՝ արժանի է քրիստոնէական աշխարհի հիացմունքին։

Մենք կը վերահաստատենք կրօնի կամ համոզումներու ազատութեան սկզբունքները, որոնք ամրագրուած են Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրին եւ մարդու իրաւանց միջազգային կամ տարածքաշրջանային ապագայ պայմանագրերու մէջ։ Մենք կը հաւատանք, թէ այս իրաւունքը կը պատկանի բոլորին՝ անկախ հաւատքէ կամ ազգութենէ, պատմութենէ կամ քաղաքական հանգամանքներէ։

Այս իրաւունքը կը պատկանի նաեւ հայ ռազմագերիներուն, որոնք տակաւին անօրինական կերպով կը գտնուին գերութեան մէջ, որոնց ազատ արձակման եւ հայրենադարձութեան համար մենք կը միջնորդենք եւ աղօթք կ՚առաքենք։

Մենք կը միջնորդենք եւ աղօթք կ՚առաքենք նաեւ Արցախի ժողովուրդի համար, որու ազատ եւ խաղաղ բնակութեան իրաւունքը մարդկային սրբազան կեանքի մաս կը կազմէ։

Մենք կը շեշտենք սուրբ եւ պաշտամունքի վայրերու, ինչպէս նաեւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան խիստ կարեւորութիւնը՝ կրօնական ազատութեան արդիւնաւէտ իրացման եւ ազգերու ու համայնքներու միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններու խթանման եւ պահպանման համար։ Կրօնական ազատութիւններու իրականացման երաշխաւորման համար էական նշանակութիւն ունին պաշտամունքի վայրերու պաշտպանութիւնը եւ անոնց ազատ հասանելիութիւնը։

Աւելի՛ն, սուրբ եւ պաշտամունքի վայրերը, ինչպէս նաեւ կրօնական ժառանգութիւնները մարդոց եւ հաւատքի համայնքներու ամենախոր ինքնութիւններն են։ Այս իսկ պատճառով, հակամարտութեան իրավիճակներու մէջ անոնք յաճախ կը թիրախաւորուին տուեալ համայնքին առաւելագոյն հաւաքական վնասներ հասցնելու համար։

Որեւէ յարձակում որեւէ կրօնական համայնքի վրայ, ըլլայ սա համայնքի անդամներու կամ այդ համայնքին հետ առընչուած վայրերու վրայ, յարձակում է ընդհանրապէս կրօնական ազատութեան վրայ եւ, հետեւաբար, յարձակում բոլոր կրօնական համայնքներու վրայ։ Եւ քանի որ կրօնական շինութիւններն ու վայրերը կրօնական ինքնութեան կրողներ են, պաշտամունքի վայրը վնասելը իրական բռնութիւն է հաւատացեալներու հաւաքական եւ անձնական կրօնական ինքնութեան դէմ, կը վիրաւորէ անոնց ինքնութիւնն ու յիշողութիւնները։

Միւս կողմէ, հոգալով սուրբ եւ պաշտամունքի վայրերու ֆիզիքական ամբողջականութեան մասին, մենք կը պաշտպանենք արժանապատուութիւնը այն մարդոց, որոնց համար հոգեհարազատ են այդ սրբավայրերը։ Եւ երբ մենք կը համագործակցինք տարբեր ազգերու, կառավարութիւններու եւ հաւատքի համայնքներու հետ, պաշտպանելու կրօնական ժառանգութիւնը, մենք կ՚ազդարարենք բժշկման եւ միասնութեան բարեփոխման ուղերձը։

Հետեւաբար, մենք կը միանանք սուրբ վայրերու համընդհանուր կանոնակարգի հաստատման եւ, մասնաւորապէս, հետեւեալ դրոյթներուն.

- Սուրբ վայրերը պէտք է պահպանուին ներկայ ու գալիք սերունդներու համար՝ արժանապատուութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ յարգանքով իրենց անուան ու դաւանանքի ինքնութեան նկատմամբ։ Անոնք պէտք է պահպանուին թէ՛ որպէս կրօնական նշանակութեամբ վայրեր եւ թէ որպէս իրենց համայնքներու եւ մարդկութեան պատմական, մշակութային եւ բնապահպանական ժառանգութիւն։ Անոնք պէտք չէ պղծուին կամ վնասուին, ոչ ալ կրօնական համայնքները հարկադրաբար զրկուին իրենց սուրբ վայրերէն։

- … բոլոր կողմերը պէտք է նպաստեն սուրբ վայրերու պահպանման, ընդունին ուրիշներու սուրբ վայրերու նշանակութիւնը որպէս պաշտամունքի վայրեր եւ ինքնութեան վայրեր, յարգեն այլոց կրօնական զգացումները այդ վայրերուն նկատմամբ եւ շեշտեն անոնց հոգեւոր արժէքը, այլ ոչ թէ որեւէ ռազմավարական, տարածքային կամ ռազմական նշանակութիւնը։ Անկարելի է մերժել մարդկային խումբի կապուածութիւնը սուրբ վայրին։

Մենք նաեւ կ՚ընդունինք եւ կը հաստատենք ՄԱԿ-ի Գործողութիւններու ծրագրի համապատասխան դրոյթները կրօնական վայրերու պաշտպանութեան համար. ՄԱԿ-ի Գործողութիւններու ծրագիրը կրօնական առաջնորդներու եւ դերակատարներու համար՝ կանխելու բռնութեան հրահրումը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել վայրագ յանցագործութիւններու. Համաշխարհային ժառանգութեան պայմանագրի եւ Համաշխարհային ժառանգութեան պայմանագրի շրջանակներէն ներս կրօնական ունեցուածքի պաշտպանութեան մասին յայտարարութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի 2020 թուականի հակամարտութենէն յետոյ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, որ իրականացուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ կ՚աջակցին իր դաշնակիցները, մենք խորապէս տագնապած ենք ներկայիս անոր վերահսկողութեան ներքեւ գտնուող տարածքներէ ներս հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, վնասի եւ պղծման բազմաթիւ հաղորդագրութիւններէն։

Մեր մտահոգութիւնը կը սաստկանայ, երբ մենք հիմնաւորուած կերպով կը տեղեկանանք Ջուղայի, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրերէն ներս համաշխարհային ժառանգութեան նշանակութեամբ հայկական պատմական վայրերու համակարգուած բնաջնջումը։

Այսպէսով, մենք.

- Կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ անյապաղ եւ անարգել կերպով թոյլատրել միջազգային մասնագէտներուն եւ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնողներուն՝ մուտք գործելու Արցախի այն տարածքները, որոնք վերջերս յայտնուած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրեր անկախ գնահատում իրականացնելու համար։

- ԻՒՆԷՍՔՕ-ին կոչ կ՚ուղղենք այս ոլորտներու գնահատման առաքելութիւնը դարձնել հրատապ գերակայութիւն։

- Կը խրախուսենք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան նախաձեռնողական եւ կանոնաւոր ներգրաւումը, թէ՛ խօսքի եւ թէ ներգործուն համերաշխութեան փորձերը, երբ թիրախին են կրօնական վայրերը եւ այլ կրօններու եւ հաւատքներու հաւատացեալները։

- Միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն համերաշխութեան եւ միջամտութեան կոչ կ՚ուղղենք՝ հայ ժողովուրդին եւ համայնքներուն համար երաշխաւորելու այն նոյն իրաւունքները, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ բարոյական պատասխանատուութեան ուժով վերապահուած են բոլորին, ներառեալ կեանքի իրաւունքները, կրօնի կամ համոզումներու ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակութային արտայայտումն ու ինքնորոշումը։

- Մեր եւ համաշխարհային էքիւմենիք ընկերակցութեան սերտ քրիստոնէական աջակցութիւնը կ՚արտայայտենք Հայ Եկեղեցւոյ։ Մենք կանգնած ենք Հայ Եկեղեցւոյ, անոր ժողովուրդի, անոր սպասաւորութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան կողքին։

- Կը խոստանանք շարունակել համատեղ աշխատանքը Սուրբ Էջմիածնի մէջ միասին այս օրերու ընթացքին բարձրացուած խնդիրներու եւ մտահոգութիւններու լուծման ուղղուած գործողութիւններու աւելի մանրամասն ծրագրի մը մշակման եւ իրականացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021