ՏԱՂԱՒԱՐ ԵՒ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Խաչվերացի այս տարուան տաղաւարը արտասովոր պայմաններով տօնախմբուեցաւ։ Արդարեւ, այս տարուայ Խաչվերացը զուգադիպեցաւ թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի բացման 10-ամեայ յոբելեանին։ Հարկ է նշել, որ այս յոբելեանը համավարակի հետեւանքով տարի մը յետձըգւած էր։ Այս առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Օրուայ Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ հիւրաբար Լոս Անճելըսի մէջ կը գտնուէր։ Ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւագ միաբաններէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Հաւատացեալներուն խօսք ուղղեց նաեւ պատարագիչ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան՝ բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուելով թեմակալ առաջնորդի կողմէ ներդրուած ջանքերուն եւ հսկայական եռանդին մասին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Անդաստանի արարողութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ առաջնորդարանի յարակից «Գալայճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ներկաներու շարքին էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն Էնթընի Փորթանթինիօ, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխ-նախագահ Սինան Սինանեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիք Ղուկասեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շրջանի մասնաճիւղի ղեկավար Մարիա Մեհրանեան, Թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետներէն Ժոզէֆ Կանիմեան, թեմի գործունէութեան աշխոյժ մասնակից ազգայիններէն տքթ. Վարուժան Ալթըփարմաքեան եւ այլ յայտնի դէմքեր։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին ալ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021