ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ Կ՚ԱՂՕԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի շաբաթական ընդհանուր ունկնդրութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը այս շաբաթ հրաւէր ստացած էր՝ մասնակցելու համար ընդհանուր ունկնդրութեան, որու աւարտին մօտեցաւ Սրբազան Պապին եւ զրոյց մը ունեցաւ անոր հետ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս առթիւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները։ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապն ալ, իր կարգին, ողջոյններ յղեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Կարճ զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանէն տեղեկութիւններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու կացութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ, որ կ՚աղօթէ Հայաստանին համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023