ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Յոյն եւ Սերպ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ճա­շա­սե­ղան մը սար­քեց մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րե­րու մե­ծար­ման հա­մար։ Ըստ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան, 2003 թուա­կա­նին Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րու­թե­նէն ետք, Թե­մի հո­գե­ւոր կա­պը ա­ւե­լի սեր­տա­ցաւ Յոյն եւ Սեր­պ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն հետ եւ Սրբա­զան Հայ­րը զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ միջկ­րօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու:

Ա­րեւմ­տեան Թե­մի բա­րեխ­նամ ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ս. Սո­ֆիա յոյն ուղ­ղա­փառ մայր տա­ճա­րի հո­գե­ւոր տե­սուչ Տ. Ճան Պա­քաս Վար­դա­պե­տի ա­ջակ­ցու­թեամբ, Նո­յեմ­բե­րի 8-ին, Յոյն եւ Սեր­պ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը յա­տուկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ:

Բարձ­րաս­տի­ճան հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը սի­րա­լիր կեր­պով դի­մա­ւո­րուե­ցան Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի, Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նի եւ Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեա­նի կող­մէ ու ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան դէ­պի «Ար­մէն Համ­բար» դահ­լիճ: Խորհր­դակ­ցու­թեանց գլխա­ւոր նիւ­թեր­ներն էին կազ­մա­կեր­պել միա­ցեալ հա­մա­գու­մար մը՝ կեդ­րո­նա­նա­լով կրօն­քի ա­զա­տու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­մայն­քա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն: Այս ծրա­գիր­նե­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին ման­րա­մաս­նու­թեամբ խորհր­դակ­ցու­թիւն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ջորդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին, դար­ձեալ թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ:

Սոյն հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան, Սան Ֆրան­սիս­քո­յի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մէն Կե­րա­սի­մոս Մետ­րա­պո­լիտ եւ իր օգ­նա­կա­նը՝ Տ. Ա­փոս­տո­լոս Ե­պիս­կո­պոս, Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի սեր­պ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մէն Տ. Մաք­սիմ Ե­պիս­կո­պոս, Տ. Ճան Վրդ. Պա­քաս, Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան, Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան, Տ. Սար­գիս Ա­. Քհնյ. Փե­թո­յեան, Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ան­տիո­քեան ուղ­ղա­փառ եկ­ե­ղեց­ւոյ թե­մէն Տ. Նի­քո­լաս Չե­քօ, Հայկ Մա­տո­յեան եւ Վա­հէ Սար­գի­սեան:

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ ճա­շկե­րոյթ՝ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Լե­նա Սի­մո­նեա­նի եւ Մե­լի­նէ Ա­ղա­ճա­նեա­նի: Հիւ­րե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ բաժ­նուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին դար­ձեալ մէկ­տե­ղուե­լու ակն­կա­լու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016