Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսապետեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Այսպէս, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մատոյց օրուան Ս. Պատարագը, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովնան Աւ. Քհնյ. Պոզոյեան եւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին եւս ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Ճեսսուրեան այս փուլին ջերմօրէն ողջունեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ներկայութիւնը։ Ճաշասեղանի շուրջ եւ արձակման փուլին հայր սուրբը հաճելի զրոյց ունեցաւ՝ մանաւանդ երիտասարդներուն եւ մանուկներուն հետ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022